Ուիքիփետիա
hywwiki
https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D4%B3%D5%AC%D5%AD%D5%A1%D6%82%D5%B8%D6%80_%D4%B7%D5%BB
MediaWiki 1.46.0-wmf.24
first-letter
Մեդիա
Սպասարկող
Քննարկում
Մասնակից
Մասնակցի քննարկում
Ուիքիփետիա
Ուիքիփետիայի քննարկում
Պատկեր
Պատկերի քննարկում
MediaWiki
MediaWiki քննարկում
Կաղապար
Կաղապարի քննարկում
Օգնություն
Օգնության քննարկում
Ստորոգութիւն
Կատեգորիայի քննարկում
TimedText
TimedText talk
Մոդուլ
Մոդուլի քննարկում
Event
Event talk
Բզնունիներ
0
2317
250577
209776
2026-04-27T15:17:25Z
Azniv Stepanian
8
250577
wikitext
text/x-wiki
'''Բզնունիներ'''—հնագոյն իշխանական, նախարարական տոհմ [[Հայաստան]]ի մէջ։
== Ծագումնաբանութիւն ==
Համաձայն տոհմական աւանդութեան, որ մեզ փոխանցած է [[Մովսէս Խորենացի]]ն, Բզնունիներու տոհմը կը սեռի Բազ նահպետէն։
Բազը Մանաւազ Հայկազունիի թոռն էր։ Ան հաստատուեցաւ [[Վանայ լիճ|Վանայ ծովու]] հիւսիս-արեւմտեան կողմին մէջ։ Անոր անունով ծովը կոչուեցաւ Բզնունեաց, իսկ գաւառը՝ [[Բզնունիք]]:
Այլ պատմական վկայութեան համաձայն [[Հայաստան]]ի [[Լոռի]]ի հիւսիսային շրջանին մէջ եւս Բազ նահապետը հիմնադրած է Բազակերտ աւանը Բազաբերդ ամրոցով, որուն մասին բազմաթիւ յիշատակումներ կան միջնադարեան հայ պատմիչներու մօտ։
== Պատմութիւն ==
Բզնունիներու տոհմը նախնական շրջանին վարած է արքունի որսապետութիւնը, այնուհետեւ զօրահրամանատարութեան պաշտօնները։
Բզնունիներու տոհմական տոտեմը եղած է [[Բազէ]]ն, որ հետագային դարձած է տոհմի զինանշանը։
[[Տրդատ Գ Մեծ|Տրդատ Գ. Մեծ]]ի ժամանակ անոնց վստահուած է Ձորայ պահակ սահմանային լեռնանցքը։ Բզնունեաց նախարարները եղած են զօրահրամանտարներ եւ սահմանային կ'ուսակալներ։ Բզնունիները կը յիշատակուին [[Գահնամակ]]ի եւ [[Զօրանամակ]]ի մէջ։ Զօրանամակի համաձայն Բզնունիները Հայոց արքունիքին տուած են 3000 հեծեալ։
[[Խոսրով Կոտակ]]ի ժամանակ տոհմի տանուտէր Դատաբեն Բզնունին, չենթարկուելով կեդրոնաձիգ իշխանութեանը, ապստամբեցաւ արքայի դէմ։ [[Մամիկոնեաններ|վաչէ Մամոկոնեանը]] Առեստի ճակատամարտին կը ջարդէ ապստամբներու մէկ մասը, իսկ մնացած մասը փախուստի կը դիմէ։ Դատաբեն Բզնունին շղթայակապ կը բերեն արքայի մօտ, եւ ըստ ժամանակի պատժական միջոցներու, անոր մահուամբ կը դատապարտեն դաւաճանի նման՝ քարկոծելով։
Սակայն Բզնունեաց աւատատիրական վերնախաւը դեռ գոյութիւն ունէր եւ նահապետական կարգերուն հաւատարիմ այդ տունը դեռ կը պահպանէր նախկին անհնազանդ ու ինքնիշխան կացութաձեւը, ուստի Վաչէ Մամիկոնեանին հրաման տրուեցաւ՝ ոչնչացնել դաւադրութեան մասնակից ամբողջ տանուտիրական աւագանին, որմէ ետք Բզնունեաց տիրոյթները կը բռնագրաւուին եւ կը միացուին արքայական կալուածներուն։ Հետագային, որպէս բռնագրաւուած գաւառ, շնորհման կարգով զայն կը յանձնեն Աղբիանոս եպիսկոպոսին, քանզի եկեղեցին կը սահմանափակուէր հեթանոսական տաճարապատկան հողերով եւ բռնագրաւուած տիրոյթներու ստացմամբ։ Չնայած տոհմի տանուտիրական վերնախաւի վերացմանը, Բզնունեաց տոհմը կրցաւ պահպանել իր գոյութիւնը աւատատիրական կարգի մէջ։ 6-7-րդ դարերուն կը յիշատակուին Բզնունեաց եպիսկոպոսներ, տարբեր ձեռագրերու յիշատակարաններուն մէջ կը հանդիպինք պատուիրատու եւ ստացող Բզնունի վարդապետներու, ուր կը խօսի անոնց աւատատիրական եւ ազնուական աստիճանի պահպանման մասին։[[Պատկեր:Լևոն Բզնունի.jpg|մինի|[[Լեւոն Բզնունի]]|263x263փքս]]Մշտապէս յիշողութիւնը վառ էր տեղանուններու նկարագրութեան ժամանակ։ Օրինակ 13-րդ դարուն Խլաթը կը յիշատակուի որպէս «քաղաք Բզնունեաց Խլաթն» :
Տոհմի ոչնչացում ըսելով միանշանակ կը հասկացուի տոհմական աւագանի ու տանուտիրական իշխանութեան վերացումը, քանզի տոհմի հազարաւոր անդամներ խնամիական ու պաշտօնակատար բազմաթիւ կապերով կապուած ու սերտաճած էին պետութեան բոլոր տարածքներուն ու բնագաւառներուն մէջ, ան ալ դեռեւս դարաւոր հեռաւորութենէն։
Հետագային Բզնունի նախարարական տոհմի ներկայացուցիչներէն հազուադէպօրէն կը յիշատակուին ։ 16-17-րդ դարերուն կը յիշատակուին ձեռագիրներու յիշատակարաններուն մէջ որպէս պատուիրատու, ստացող կամ վարդապետ։
Բզնունի նախարարական տոհմէն կը սեռին Ներսէս Վրդ. Բզնունին (Ծն. 1839-ին Կարինի մէջ (Էրզրում)), [[Սուրբ Թադեւոսի վանք]]ի վանահայր Սիմէոն Բզնունի եպիսկոպոսը, [[Բալու]]ի գաւառի 19-րդ դարավերջի հոգեւոր առաջնորդ Ներսէս վրդ. Բզնունին եւ Յովհաննէս վրդ. Բզնունին։ 21-29 Մայիս 1918-ին [[Սարդարապատի ճակատամարտ|Սարդարապատի հերոսամարտի]] մասնակից՝ դաշնակցական Յարութիւն Բզնունին, 20-րդ դարու պարսկահայ բանաաստեղծ Լեւոն Բզնունին եւ այլք։ Տոհմի ներկայացուցիչներ կան նաեւ մեր օրերուն։
== Աղբիւրներ ==
* Մովսէս Խորենացի, «Պատմութիւն Հայոց», էջ 226, Երեւան 1961։
* «Իրանահայ արդի գրողներ» գիրքի առաջին հատորէն, էջ 103, Տպարան «Մոդեռն», Թեհրան, 1964։
<br />
[[Ստորոգութիւն:Բզնունիներ]]
m92wv2aqnr4dihpoavygj5gs0ptp5f9
Հայկական Հարցը եւ Հայերու Ցեղասպանութիւնը Պատմագրութեան Մէջ
0
3921
250582
151928
2026-04-28T05:29:15Z
Maral Dikbikian
4797
250582
wikitext
text/x-wiki
'''Հայկական հարցը եւ հայերու ցեղասպանութիւնը պատմագրութեան մէջ''', [[Հայկական Հարց|Հայկական հարցի]] եւ [[Հայերու Ցեղասպանութիւն|հայերու ցեղասպանութեան]] բազմերես խնդիրներու ուսումնասիրութեամբ առաջացած է մեծաքանակ պատմական գրականութիւն՝ աշխատութիւններ, փաստաթուղթերու ու վաւերագիրներու ժողովածուներ, յուշագրութիւններու եւ այլն հրապարակումներ: Խնդիրը ուսումնասիրած են եւ կ'ուսումնասիրեն ո՛չ միայն հայ պատմաբանները, այլեւ օտարները՝ [[Ռուսաստան]]ի, [[ԱՄՆ]]-ի, եւրոպական ու մերձ-արեւելեան երկիրներու գիտնականները: Իրադարձութիւններու իր տեսակէտը առաջ կը քաշէ նաեւ թրքական պատմագրութիւնը, որ կը ձգտի ամէն կերպ արդարացնել [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] ղեկավար շրջաններու յանցաւոր գործողութիւնները, անոնց հակահայկական քաղաքականութիւնը: Ստեղծուած գրականութիւնը կը տարբերուի ո՛չ միայն ժամանակի առումով, այլեւ մեթոդաբանական մօտեցումներով, պատմական նիւթի քննութեան հաւաստիութեան եւ օբյեկտիւութեան աստիճանով, որ պայմանաւորուած է ինչպէս հետազօտողներու տարբեր ձեւաբանական դպրոցներու պատկանելոութեամբ, այնպէս ալ այլ խնդիրներով (գիտական կամ քաղաքական իրադրութենէն ելլելով), որոնք դրած են տարբեր երկիրներու հեղինակները: Հետաքրքրութիւնը խնդիրի նկատմամբ չի թուլնար, ընդհակառակը, շատ երկրներու մէջ ստեղծուող պատմական գրականութիւնը կը վկայէ, որ հայկական հարցը եւ հայերու ցեղասպանութեան խնդիրը կը մնան միջազգային պատմագրութեան, հետեւաբար եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը:
== Հայկական Պատմագրութիւն ==
Հայ ժողովուրդի գոյապահպանման, ազգային համախմբման, իր երկրին տէր դառնալու եւ պետականութիւնը վերականգնելու արդար պայքարին հետեւանքն էր Հայկական Հարցը։
19-րդ դարու 70-ական թուականներէն սկսեալ, հայ հասարակական միտքի եւ պատմագիտութեան բազմաթիւ ակնառու ներկայացուցիչներ հետաքրքրուած են Հայկական Հարցի արծարծումներով եւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումներուն առնչուող ամենաբազմազան խնդիրներով, ինչպէս նաեւ արեւմտահայութեան դէմ [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] կիրարկած ջարդերու քաղաքականութեամբ։
Ստեղծուած է ծաւալուն գրականութիւն եւ հարուստ փաստական տուեալներու հիման վրայ գրուած մեծաթիւ մենագրութիւններ, որոնց մէջ դէպքերը մեկնաբանուած են տնտեսական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ այլ տեսանկիւններէ։ Այս աշխատութիւններով բացայայտուած են Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան սկզբնաւորման ու անոր յաջորդող ընթացքին յայտնի թէ գաղտնի նենգ դիտաւորութիւնները։ Անոնք իրենց արմատները ունին՝ Օսմանեան առաջին սուլթաններու «խաղաղ» ֆերմաններուն մէջ, Համիտեան բռնապետութեան «զուլումի» քաղաքականութեան որոգայթներուն ու կոտորածներուն մէջ եւ ի վերջոյ, իբրեւ զանգուածային ցեղասպանութեան ծրագիր, իրենց գագաթնակէտին հասած են երիտթուրքերու գործողութիւններով։
== Խորհրդային Պատմագրութիւն ==
Խորհրդային հայ պատմագրութիւնը իր ձեւաւորման շրջանին, անցեալի ժառանգութեան իւրացման հարցին մէջ հանդէս բերած է ոչ համապարփակ, խիստ խոցելի, ոչ գիտական եւ կողմնակալ մօտեցում։ Կողմնորոշուելով նախ եւ առաւելաբար դէպի ընկերային-տնտեսական խնդիրները՝ 1920-1930-ական թուականներէն սկսեալ իսպառ կամ գրեթէ իսպառ դուրս մղուեցան ազգային-ազատագրական պայքարի հարցերը։
Աւելին, նշուած շրջանին պատմական գիտութիւնը մերժեց հայ ժողովուրդի մեծ հատուածին՝ արեւմտահայութեան խնդիրներուն ուսումնասիրութիւնը, եւ զբաղեցաւ հայ ժողովուրդի միայն մէկ հատուածին՝ արեւելահայութեան ընկերային-հասարակական հարցերով, որոնք սերտօրէն առնչուած էին Ռուսաստանի պատմական զարգացման օրինաչափութիւններուն հետ։
Եթէ գիտական տեսակէտներու եւ մօտեցումներու ձեւաւորման սկզբնական շրջանին անոր վրայ կործանարար ազդեցութիւն ունէր «ընկերաբանութիւնը» (սոցիոլոգիզմ), ապա յաջորդող տասնամեակներուն պատմաբանի միտքը կաշկանդուած էր [[Ճոսեֆ Սթալին|Ստալինի]]՝ անհատի պաշտամունքի պահանջներուն համապատասխան աշխարհայեացքի դաժան չափանիշներով։ Նման պայմաններու մէջ, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան անդրադառնալը (թեկուզեւ ան ուղղուած ըլլար օսմանեան ջարդարարներու, անոնց հովանաւոր մեծ տէրութիւններու կամ ցարական Ռուսաստանի քաղաքականութեան դէմ) կ'ընկալուէր եւ կը գնահատուէր որպէս «հայկական ազգայնամոլութեան» քարոզ։
Գռեհիկ կեղծարարութեան եւ անարդար մերժման ենթարկուեցան [[Րաֆֆի|Րաֆֆիի]] եւ [[Ռափայէլ Պատկանեան|Ռ. Պատկանեանի]] ժառանգութիւնները։ Փորձեր կատարուեցան զանոնք դուրս բերել հայ ժողովրդավար միտքի զարգացման ընդհանուր ընթացքէն, եւ ժողովուրդը ազգային-ազատագրական պայքարի կոչող անոնց հայրենասիրութիւնը նոյնացնել յատկապէս տիրապետող մեծաքանակ ազգերու բիւրոկրատ մտաւորականութեան յատուկ ազգայնականութեան հետ։
[[Ստորոգութիւն:Հայկական հարց]]
[[Ստորոգութիւն:Հայոց ցեղասպանութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Պատմագրութիւն]]
n9335dp8tuk4hnkwlvdw1udw97nspwp
250583
250582
2026-04-28T06:24:45Z
Maral Dikbikian
4797
250583
wikitext
text/x-wiki
'''Հայկական հարցը եւ հայերու ցեղասպանութիւնը պատմագրութեան մէջ''', [[Հայկական Հարց|Հայկական հարցի]] եւ [[Հայերու Ցեղասպանութիւն|հայերու ցեղասպանութեան]] բազմերես խնդիրներու ուսումնասիրութեամբ առաջացած է մեծաքանակ պատմական գրականութիւն՝ աշխատութիւններ, փաստաթուղթերու ու վաւերագիրներու ժողովածուներ, յուշագրութիւններու եւ այլն հրապարակումներ: Խնդիրը ուսումնասիրած են եւ կ'ուսումնասիրեն ո՛չ միայն հայ պատմաբանները, այլեւ օտարները՝ [[Ռուսաստան]]ի, [[ԱՄՆ]]-ի, եւրոպական ու մերձ-արեւելեան երկիրներու գիտնականները: Իրադարձութիւններու իր տեսակէտը առաջ կը քաշէ նաեւ թրքական պատմագրութիւնը, որ կը ձգտի ամէն կերպ արդարացնել [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] ղեկավար շրջաններու յանցաւոր գործողութիւնները, անոնց հակահայկական քաղաքականութիւնը: Ստեղծուած գրականութիւնը կը տարբերուի ո՛չ միայն ժամանակի առումով, այլեւ մեթոդաբանական մօտեցումներով, պատմական նիւթի քննութեան հաւաստիութեան եւ օբյեկտիւութեան աստիճանով, որ պայմանաւորուած է ինչպէս հետազօտողներու տարբեր ձեւաբանական դպրոցներու պատկանելոութեամբ, այնպէս ալ այլ խնդիրներով (գիտական կամ քաղաքական իրադրութենէն ելլելով), որոնք դրած են տարբեր երկիրներու հեղինակները: Հետաքրքրութիւնը խնդիրի նկատմամբ չի թուլնար, ընդհակառակը, շատ երկրներու մէջ ստեղծուող պատմական գրականութիւնը կը վկայէ, որ հայկական հարցը եւ հայերու ցեղասպանութեան խնդիրը կը մնան միջազգային պատմագրութեան, հետեւաբար եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը:
== Հայկական Պատմագրութիւն ==
Հայ ժողովուրդի գոյապահպանման, ազգային համախմբման, իր երկրին տէր դառնալու եւ պետականութիւնը վերականգնելու արդար պայքարին հետեւանքն էր Հայկական Հարցը։
19-րդ դարու 70-ական թուականներէն սկսեալ, հայ հասարակական միտքի եւ պատմագիտութեան բազմաթիւ ակնառու ներկայացուցիչներ հետաքրքրուած են Հայկական Հարցի արծարծումներով եւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումներուն առնչուող ամէնաբազմազան խնդիրներով, ինչպէս նաեւ արեւմտահայութեան դէմ [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] կիրարկած ջարդերու քաղաքականութեամբ։

== Ռուսական Պատմագրութիւն ==
=== 19-րդ Դար ===
Հայ ժողովուրդի վիճակը Թուրքիոյ մէջ, անոր ազատագրական պայքարը, 1878 թուականի Պերլինի վեհաժողովէն (կոնգրէս) ի վեր ասպարէզ իջած Հայկական Հարցը եւ տէրութիւններու քաղաքականութիւնը անոր հանդէպ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրենց արտայայտութիւնը գտած են թէ՛ ռուսական հասարակական միտքին եւ թէ՛ ռուսական պատմագրութեան մէջ։
Այս հարցերուն նուիրուած յատուկ աշխատութիւնները քիչ են, սակայն անոնք լուսաբանուած են Ռուսաստանի պատմութեան, ռազմական եւ միջազգային յարաբերութիւններու պատմութեան եւ, յատկապէս, Արեւելեան Հարցին ու Թուրքիոյ պատմութեան նուիրուած երկերուն, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթերու ժողովածուներուն մէջ։ Հարցերը արծարծուած են նաեւ պարբերական մամուլին մէջ։
Պատմաբաններու վերաբերմունքը այս խնդիրներուն տարբեր եղած է՝ պայմանաւորուած անոնց քաղաքական համոզումներով, սակայն աշխատութիւններու մեծ մասին մէջ առկայ է համակրանքը հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագրին հանդէպ։ Խստօրէն կը դատապարտուի թրքական կառավարող շրջանակներու քաղաքականութիւնն ու արեւմտեան տէրութիւններու դիրքորոշումը, եւ ցոյց կը տրուի հայ ազատագրական պայքարի ռուսական կողմնորոշումն ու [[Ռուսիա|Ռուսաստանի]] օգնութիւնը հայ ժողովուրդին։ Որոշ աշխատութիւններու մէջ կը քննադատուի նաեւ ռուսական ցարիզմի քաղաքականութիւնը Հայկական Հարցի որոշակի փուլերուն եւ ցարական դիւանագիտութեան նահանջը հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն։
=== Ռազմական Պատմագրութիւն եւ Կամաւորական Շարժում ===
Ռուս պատմաբաններու շատ աշխատութիւններու մէջ կան հետաքրքիր տուեալներ 1877-1878 թուականներու [[Ռուս-թրքական պատերազմ|ռուս-թրքական պատերազմի,]] [[Պերլինի Վեհաժողով|Պերլինի վեհաժողովի,]] Հայկական Հարցի ծագման եւ 19-րդ դարու վերջին ու 20-րդ դարու սկզբին արեւմտեան տէրութիւններու միջեւ հակասութիւններու սրման վերաբերեալ։
Ռուսական ռազմական պատմաբաններու (ինչպէս՝ Ֆ. Ի. Պուլկաքով, Գ. Կ. Կրատովսքի, Մ. Վ. Ալեքսէեւ, Պ. Կարքովենքօ, Պ. Ի. Աւերեանով) երկերուն մէջ շեշտուած է․
* Հայերու մասնակցութիւնը այդ պատերազմին՝ Ռուսաստանի կողքին։
* Հայ բնակչութեան օգնութիւնը ռուսական բանակին։
* Ռուսական բանակի հայազգի զօրավարներու ([[Լորիս-Մելիքով|Լորիս-Մելիքով,]] [[Տէր-Ղուկասով|Տէր-Ղուկասով,]] [[Լազարեւ,]] [[Շելքովնիքով]] եւ ուրիշներ) վճռորոշ դերը Կովկասեան ճակատի ռազմական գործողութիւններուն մէջ։
Այս հարցերուն իր աշխատութիւններուն մէջ յատկապէս մեծ տեղ յատկացուցած է '''Վ. Փոթթոն'''։
=== Ջարդերու Դատապարտումը եւ «Եղբայրական Օգնութիւնը» ===
1877-1878 թուականներու պատերազմէն եւ Պերլինի վեհաժողովէն ետք հրատարակուած գիրքերուն մէջ ցոյց տրուած է արեւմտահայերու համար ստեղծուած ծանր իրավիճակը եւ թրքական իշխանութիւններու բռնութիւններու սաստկացումը։ 1894-1896 թուականներու զանգուածային կոտորածները Ռուսաստանի մէջ յառաջացուցին բողոքի եւ հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան հզոր ալիք։
Ռուս յառաջադէմ հասարակայնութեան ներկայացուցիչները Մոսկուայի մէջ կազմակերպեցին երկու կարեւոր ժողովածուներու հրատարակումը․
# '''«Հայերու դրութիւնը Թուրքիոյ մէջ մինչեւ տէրութիւններու միջամտութիւնը 1895 թուական»''' (1896)
# '''«Եղբայրական օգնութիւն Թուրքիոյ մէջ տուժած հայերուն»''' (1897)
Այս վերջին ժողովածուի պատրաստութեան մասնակցեցան անուանի պատմաբաններ, ինչպէս՝ Մ. Քովալեւսքի, Փ. Միլիւքով, Լ. Քամարովսքի եւ ուրիշներ։ Յատկանշական է Լ. Քամարովսքիի դիրքորոշումը, որ տակաւին 1889-ին Լոնդոնի «Հայաստան» թերթին յղած նամակով դատապարտած էր մեծ տէրութիւններու քաղաքականութիւնը։ Իր «Արեւելեան Հարց» գիրքին մէջ ան խօսած է [[Ապտիւլ Համիտ Բ|սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի]] քաղաքականութեան եւ հայերու ջարդերուն մասին՝ շեշտելով տէրութիւններու միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը։
19-րդ դարու վերջին ռուս պատմաբաններու այլ գործերուն մէջ նոյնպէս արտացոլուած են 1894-1896 թուականներու իրադարձութիւնները, տէրութիւններու որոշումներու ձախողումը եւ հայերուն ցուցաբերուող գործնական օգնութեան բացակայութիւնը։
=== 20-րդ Դար ===
20-րդ դարու սկզբնաւորութեան եւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին, երբ Եւրոպայի մէջ կը ձեւաւորուէին նոր դաշինքներ, ռուսական պատմական գրականութեան մէջ արտացոլուեցան այնպիսի հարցեր, ինչպէս՝ երիտթուրքերու իշխանութեան գլուխ անցնիլը եւ անոնց քաղաքականութիւնը հայ բնակչութեան հանդէպ։ Այդ շրջանին նկատելի դարձաւ Ռուսաստանի քաղաքականութեան աշխուժացումը Թուրքիոյ նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի նախաձեռնութիւնն ու հետեւողական ջանքերը՝ Արեւմտեան Հայաստանի 1912-1914 թուականներու բարենորոգումներուն ուղղութեամբ։ Ասոր զուգահեռ, Ռուսաստանի մէջ մեծցաւ հետաքրքրութիւնը արեւմտահայերու ճակատագրին հանդէպ։
Ի. Ի. Կոլոպորոտքոյի աշխատութիւններուն մէջ («Հին ու նոր Թուրքիան», 1908, «Թուրքիա», 1912) կը լուսաբանուին Սասնոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի այլ վայրերու հայերու ջարդերուն հետ կապուած իրադարձութիւնները։ Հեղինակը կը ներկայացնէ վիճակագրական տուեալներ հայերու հսկայաթիւ զոհերուն ու կրած վնասներուն մասին, կը նկարագրէ հայերու ծանր վիճակը երիտթուրքերու օրօք եւ կը վերլուծէ անոնց քաղաքականութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Նմանատիպ հարցեր քննարկուած են նաեւ Վ. Վոտովոզովի, Ա. Քաֆմանի, Ս. Կորեայինովի, Ի. Ռ. Պաժենովի եւ Մ. Միխայլովի («Արիւնոտ սուլթանը», 1912) աշխատութիւններուն մէջ։
=== Պատերազմի Տարիները եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ===
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի իրադարձութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումը, հայերու տարագրութիւնը աշխարհով մէկ եւ հայկական կամաւորական շարժումը՝ այդ օրերուն դեռ չէին կրնար դառնալ խորունկ գիտական ուսումնասիրութեան առարկայ։ Այդ պատճառով ալ ժամանակի ռուսական պատմագրութեան մէջ գրեթէ չկան յատուկ այս հարցերուն նուիրուած մենագրութիւններ։
Ռուս պատմաբաններու վերաբերմունքը այդ իրադարձութիւններուն հիմնականին մէջ արտայայտուած է պարբերական մամուլին մէջ, որպէս ռուս հասարակութեան անմիջական արձագանգ՝ ի պաշտպանութիւն հայ ժողովուրդի կեանքին ու իրաւունքներուն։ Պատերազմի տարիներուն, հայ գաղթականներուն օգնելու եւ ռուս հասարակութեան հայերու տառապանքները ներկայացնելու նպատակով, սկսան հրատարակուիլ հետեւեալ պարբերականները.
* '''«Արմեանսքի վեստնիք»''' (Armianski vestnik - 1916, Մոսկուա) շաբաթաթերթը։
* '''«Արմեանէ ի վոյնա»''' (Armiane i voyna - 1916, Օտեսա) ամսագիրը։
Այս պարբերականներուն մէջ յատկանշական յօդուածներով հանդէս եկած են Փ. Պուրսքին, Փ. Տոլկորուքովը («Հայկական հարցը եւ ռուս հասարակութիւնը»), Վ. Օպնինսքին եւ Ֆ. Զապլուտովսքին («Ֆրանսան եւ Հայկական հարցը»)։
[[Ստորոգութիւն:Հայկական հարց]]
[[Ստորոգութիւն:Հայոց ցեղասպանութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Պատմագրութիւն]]
lft9mq3dvkfitb97dq4v3vum21y7n21
250585
250583
2026-04-28T07:05:47Z

== Անգլիական Պատմագրութիւն ==
=== 19-րդ Դար ===
Հայ ժողովուրդի քաղաքական պատմութեան եւ Հայկական Հարցի խնդիրները 19-րդ դարու 70-ական թուականներէն սկսեալ իրենց արտայայտութիւնը գտած են անգլիական պատմագրութեան մէջ։
Արեւմտահայերու ծանր վիճակը սուլթանական տիրապետութեան տակ, թրքական իշխանութիւններուն կողմէ 1870-1880-ական թուականներուն հայերու հալածանքներուն ու ճնշումներուն սաստկացումը եւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դրսեւորումները քննարկուած են անգլիացի հեղինակներու աշխատութիւններուն մէջ (Ու. Տիւթոն, Ճէյմս Ֆարլէյ, Ճ. Փրոպին, Հ. Սենտուորթ, Ճ. Սմիթ, Ու. Ռայլի)։
Ս. Նորմանի, Ֆ. Կրինի եւ Զ. Ուիլիամսի հետազօտութիւններուն մէջ լուսաբանուած են․
* 1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ հայերու կացութիւնը։
* Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնները։
* Հայ բնակչութեան կողմէ ռուսական բանակին ցուցաբերուած օգնութիւնը։
Հայկական Հարցի շուրջ տէրութիւններու դիւանագիտական մրցակցութեան եւ 1878 թուականի Սան Սթեֆանոյի ու Պերլինի բանակցութիւններուն նուիրուած են Մ. Մաքքոլի, Ս. Աբգարի, Ճ. Արկայլի, Ճէյմս Պրայսի, Թ. Հոլանտի եւ Մ. Սասլիի աշխատանքները։ Այս երկերուն մէջ արտայայտուած է Մեծ Բրիտանիոյ հասարակութեան մտահոգութիւնը արեւմտահայերու ճակատագրով, ինչպէս նաեւ առաջարկներ՝ բարենորոգումներու իրականացման եւ քրիստոնեայ բնակչութեան կենսապայմաններու բարելաւման վերաբերեալ։
=== Համիտեան Ջարդերը եւ Անգլիական Արձագանգը ===
Անգլիական պատմագրութեան մէջ լայն արտացոլում գտած են Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի հակահայկական քաղաքականութիւնը եւ 1894-1896 թուականներու զանգուածային կոտորածները։ 1889-1900 թուականներուն Մեծ Բրիտանիոյ մէջ հրատարակուած են աւելի քան 100 գիրք ու յօդուած Հայկական Հարցի մասին։
Այս շրջանի ջարդերուն եւ հայերու ազատագրական շարժման նուիրուած են Ռ. Տէյվիի, Է. Տիլոնի, Ու. Կլատսթոնի, Ռ. Կինեսի, Ու. Ռամզէյի, Հ. Լինչի եւ ուրիշներու աշխատութիւնները։
Անգլիացի հեղինակներու մօտեցումները տարբեր էին: Ոմանք կողմնակից էին Օսմանեան կայսրութեան բաժանման եւ անկախ Հայաստանի ստեղծման, ոմանք կը պահանջէին բարենորոգումներ՝ տէրութիւններու վերահսկողութեամբ, իսկ Ճ. Պրայսը եւ Մ. Մաքքոլը հայերու փրկութիւնը կը տեսնէին Մեծ Բրիտանիոյ ռազմական միջամտութեան մէջ։
Ճ. Արկայլի դքսի, Է. Տիլոնի, Հ. Լինչի եւ Ֆ. Սթիւընսընի երկերուն մէջ կը վերլուծուի եւ կը քննադատուի եւրոպական տէրութիւններու դիրքորոշումը Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ։ Փաստագրական հարուստ նիւթեր կը պարունակեն նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական վաւերագիրները եւ անգլիական հեղինակաւոր ամսագիրներու (ինչպէս՝ ''The Spectator'', ''Contemporary Review'') խմբագրական յօդուածները։
=== 20-րդ Դար ===
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին, անգլիական գրականութեան մէջ արծարծուած են Թուրքիոյ հայ բնակչութեան կացութեան, երիտթուրքական կառավարութեան ներքին քաղաքականութեան, Ատանայի 1909 թուականի ջարդերուն եւ 1912-1914 թուականներու բարենորոգումներուն վերաբերող հարցերը։ Բազմաթիւ անգլիացի հեղինակներ (Է. Փիրս, Ֆ. Քաւենտիշ, [[Է. Ռոպինսըն|Է. Ռոպինսըն,]] Է. Ֆերիման) կը նախազգուշացնէին Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը՝ հայութեան սպառնացող ֆիզիքական բնաջնջման վտանգին մասին։
Պատերազմի տարիներուն եւ անկէ ետք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը է՛լ աւելի կեդրոնացուց անգլիական պատմագրութեան ուշադրութիւնը։ Հրատարակուեցան արժէքաւոր փաստագրական ժողովածուներ, որոնցմէ յատկանշական են Ճէյմս Պրայսի («Հայերու վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. 1915-1916», 1916), Առնոլտ Թոյնպիի (փաստաթուղթերու ժողովածու, 1916) եւ [[Արամ Անտոնեան|Արամ Անտոնեանի]] («Նայիմ պէյի յուշերը», 1920) աշխատութիւնները։
Հայատեաց քաղաքականութեան, տեղահանութեան եւ գաղթականներու ծանր վիճակին մասին փաստական հարուստ նիւթեր կը պարունակեն նաեւ [[Ա. Սաֆրաստեան|Ա. Սաֆրաստեանի]], Ու. Ուիլիամսի, Լ. Չամպերսի եւ այլոց երկերը։
=== Յետպատերազմեան Շրջան եւ Քաղաքական Վերլուծութիւններ ===
Հետպատերազմեան միջազգային խորհրդաժողովներուն մէջ Հայաստանի հարցի քննարկման եւ Մեծ Բրիտանիոյ ստանձնած պարտաւորութիւններուն նուիրուած են Ճ. Պրայսի, Հ. Պաքսթոնի, Ս. Լիզի եւ Ճ. Մերիոթի ուսումնասիրութիւնները։
1920-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը, անգլիացի պատմաբանները շարունակած են հետազօտել․
# Մեծ տէրութիւններու քաղաքականութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ։
# Հայկական Հարցի քննարկումները միջազգային ատեաններու մէջ։
# Սփիւռքահայութեան ճակատագիրը Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։
# 1944-1946 թուականներուն Հայկական Հարցի վերարծարծման խնդիրները։
Այս թեմաներուն անդրադարձած են այնպիսի նշանաւոր հեղինակներ, ինչպէս՝ Դ. Լոյտ Ճորճը, Ա. Սարգսեանը, Ռ. Տակլըսը, Դ. Լանկը, Ա. Նասիպեանը եւ Ք. Ուոքըրը («Հայաստան. Մի ժողովուրդի վերապրումը»)։
Վերջին շրջանի աշխատութիւնները հիմնուած են Մեծ Բրիտանիոյ եւ այլ երկիրներու արխիւային նիւթերուն վրայ։ Անոնց մէջ ոչ միայն կը քննարկուին Ցեղասպանութեան խնդիրները, այլեւ կը շեշտուի հայ ժողովուրդի հինաւուրց մշակոյթն ու անոր ներդրումը համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ։
[[Ստորոգութիւն:Հայկական հարց]]
[[Ստորոգութիւն:Հայոց ցեղասպանութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Պատմագրութիւն]]
gd4xo0gbufa4ygcm3cuecli3amtt60x
250586
250585
2026-04-28T07:07:02Z

Պատերազմի տարիներուն եւ անկէ ետք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ա՛լ աւելի կեդրոնացուց անգլիական պատմագրութեան ուշադրութիւնը։ Հրատարակուեցան արժէքաւոր փաստագրական ժողովածուներ, որոնցմէ յատկանշական են Ճէյմս Պրայսի («Հայերու վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. 1915-1916», 1916), Առնոլտ Թոյնպիի (փաստաթուղթերու ժողովածու, 1916) եւ [[Արամ Անտոնեան|Արամ Անտոնեանի]] («Նայիմ պէյի յուշերը», 1920) աշխատութիւնները։

c00zwl120nqximawwfg5fv1lk3ies04
250587
250586
2026-04-28T10:32:16Z

== Հայկական Պատմագրութիւն<ref>{{Citation|title=Հայկական հարցը և հայերի ցեղասպանությունը պատմագրության մեջ|url=https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%A8_%D6%87_%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%AB_%D6%81%D5%A5%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A8_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%B4%D5%A1%D5%A3%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%B4%D5%A5%D5%BB&oldid=8612673|date=2023-02-12|accessdate=2026-04-28|language=hy}}</ref> ==
Հայ ժողովուրդի գոյապահպանման, ազգային համախմբման, իր երկրին տէր դառնալու եւ պետականութիւնը վերականգնելու արդար պայքարին հետեւանքն էր Հայկական Հարցը։
19-րդ դարու 70-ական թուականներէն սկսեալ, հայ հասարակական միտքի եւ պատմագիտութեան բազմաթիւ ակնառու ներկայացուցիչներ հետաքրքրուած են Հայկական Հարցի արծարծումներով եւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումներուն առնչուող ամէնաբազմազան խնդիրներով, ինչպէս նաեւ արեւմտահայութեան դէմ [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] կիրարկած ջարդերու քաղաքականութեամբ։
Ստեղծուած է ծաւալուն գրականութիւն եւ հարուստ փաստական տուեալներու հիման վրայ գրուած մեծաթիւ մենագրութիւններ, որոնց մէջ դէպքերը մեկնաբանուած են տնտեսական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ այլ տեսանկիւններէ։ Այս աշխատութիւններով բացայայտուած են Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան սկզբնաւորման ու անոր յաջորդող ընթացքին յայտնի թէ գաղտնի նենգ դիտաւորութիւնները։ Անոնք իրենց արմատները ունին՝ Օսմանեան առաջին սուլթաններու «խաղաղ» ֆերմաններուն մէջ, Համիտեան բռնապետութեան «զուլումի» քաղաքականութեան որոգայթներուն ու կոտորածներուն մէջ եւ ի վերջոյ, իբրեւ զանգուածային ցեղասպանութեան ծրագիր, իրենց գագաթնակէտին հասած են երիտթուրքերու գործողութիւններով։
== Խորհրդային Պատմագրութիւն<ref>{{Citation|title=Հայկական հարցը և հայերի ցեղասպանությունը պատմագրության մեջ|url=https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%A8_%D6%87_%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%AB_%D6%81%D5%A5%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A8_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%B4%D5%A1%D5%A3%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%B4%D5%A5%D5%BB&oldid=8612673|date=2023-02-12|accessdate=2026-04-28|language=hy}}</ref> ==
Խորհրդային հայ պատմագրութիւնը իր ձեւաւորման շրջանին, անցեալի ժառանգութեան իւրացման հարցին մէջ հանդէս բերած է ոչ համապարփակ, խիստ խոցելի, ոչ գիտական եւ կողմնակալ մօտեցում։ Կողմնորոշուելով նախ եւ առաւելաբար դէպի ընկերային-տնտեսական խնդիրները՝ 1920-1930-ական թուականներէն սկսեալ իսպառ կամ գրեթէ իսպառ դուրս մղուեցան ազգային-ազատագրական պայքարի հարցերը։
Աւելին, նշուած շրջանին պատմական գիտութիւնը մերժեց հայ ժողովուրդի մեծ հատուածին՝ արեւմտահայութեան խնդիրներուն ուսումնասիրութիւնը, եւ զբաղեցաւ հայ ժողովուրդի միայն մէկ հատուածին՝ արեւելահայութեան ընկերային-հասարակական հարցերով, որոնք սերտօրէն առնչուած էին Ռուսաստանի պատմական զարգացման օրինաչափութիւններուն հետ։
Եթէ գիտական տեսակէտներու եւ մօտեցումներու ձեւաւորման սկզբնական շրջանին անոր վրայ կործանարար ազդեցութիւն ունէր «ընկերաբանութիւնը» (սոցիոլոգիզմ), ապա յաջորդող տասնամեակներուն պատմաբանի միտքը կաշկանդուած էր [[Ճոսեֆ Սթալին|Ստալինի]]՝ անհատի պաշտամունքի պահանջներուն համապատասխան աշխարհայեացքի դաժան չափանիշներով։ Նման պայմաններու մէջ, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան անդրադառնալը (թեկուզեւ ան ուղղուած ըլլար օսմանեան ջարդարարներու, անոնց հովանաւոր մեծ տէրութիւններու կամ ցարական Ռուսաստանի քաղաքականութեան դէմ) կ'ընկալուէր եւ կը գնահատուէր որպէս «հայկական ազգայնամոլութեան» քարոզ։
Գռեհիկ կեղծարարութեան եւ անարդար մերժման ենթարկուեցան [[Րաֆֆի|Րաֆֆիի]] եւ [[Ռափայէլ Պատկանեան|Ռ. Պատկանեանի]] ժառանգութիւնները։ Փորձեր կատարուեցան զանոնք դուրս բերել հայ ժողովրդավար միտքի զարգացման ընդհանուր ընթացքէն, եւ ժողովուրդը ազգային-ազատագրական պայքարի կոչող անոնց հայրենասիրութիւնը նոյնացնել յատկապէս տիրապետող մեծաքանակ ազգերու բիւրոկրատ մտաւորականութեան յատուկ ազգայնականութեան հետ։
== Ռուսական Պատմագրութիւն<ref>{{Citation|title=Հայկական հարցը և հայերի ցեղասպանությունը պատմագրության մեջ|url=https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%A8_%D6%87_%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%AB_%D6%81%D5%A5%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A8_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%B4%D5%A1%D5%A3%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%B4%D5%A5%D5%BB&oldid=8612673|date=2023-02-12|accessdate=2026-04-28|language=hy}}</ref> ==
=== 19-րդ Դար ===
Հայ ժողովուրդի վիճակը Թուրքիոյ մէջ, անոր ազատագրական պայքարը, 1878 թուականի Պերլինի վեհաժողովէն (կոնգրէս) ի վեր ասպարէզ իջած Հայկական Հարցը եւ տէրութիւններու քաղաքականութիւնը անոր հանդէպ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրենց արտայայտութիւնը գտած են թէ՛ ռուսական հասարակական միտքին եւ թէ՛ ռուսական պատմագրութեան մէջ։
Այս հարցերուն նուիրուած յատուկ աշխատութիւնները քիչ են, սակայն անոնք լուսաբանուած են Ռուսաստանի պատմութեան, ռազմական եւ միջազգային յարաբերութիւններու պատմութեան եւ, յատկապէս, Արեւելեան Հարցին ու Թուրքիոյ պատմութեան նուիրուած երկերուն, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթերու ժողովածուներուն մէջ։ Հարցերը արծարծուած են նաեւ պարբերական մամուլին մէջ։
Պատմաբաններու վերաբերմունքը այս խնդիրներուն տարբեր եղած է՝ պայմանաւորուած անոնց քաղաքական համոզումներով, սակայն աշխատութիւններու մեծ մասին մէջ առկայ է համակրանքը հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագրին հանդէպ։ Խստօրէն կը դատապարտուի թրքական կառավարող շրջանակներու քաղաքականութիւնն ու արեւմտեան տէրութիւններու դիրքորոշումը, եւ ցոյց կը տրուի հայ ազատագրական պայքարի ռուսական կողմնորոշումն ու [[Ռուսիա|Ռուսաստանի]] օգնութիւնը հայ ժողովուրդին։ Որոշ աշխատութիւններու մէջ կը քննադատուի նաեւ ռուսական ցարիզմի քաղաքականութիւնը Հայկական Հարցի որոշակի փուլերուն եւ ցարական դիւանագիտութեան նահանջը հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն։
=== Ռազմական Պատմագրութիւն եւ Կամաւորական Շարժում ===
Ռուս պատմաբաններու շատ աշխատութիւններու մէջ կան հետաքրքիր տուեալներ 1877-1878 թուականներու [[Ռուս-թրքական պատերազմ|ռուս-թրքական պատերազմի,]] [[Պերլինի Վեհաժողով|Պերլինի վեհաժողովի,]] Հայկական Հարցի ծագման եւ 19-րդ դարու վերջին ու 20-րդ դարու սկզբին արեւմտեան տէրութիւններու միջեւ հակասութիւններու սրման վերաբերեալ։
Ռուսական ռազմական պատմաբաններու (ինչպէս՝ Ֆ. Ի. Պուլկաքով, Գ. Կ. Կրատովսքի, Մ. Վ. Ալեքսէեւ, Պ. Կարքովենքօ, Պ. Ի. Աւերեանով) երկերուն մէջ շեշտուած է․
* Հայերու մասնակցութիւնը այդ պատերազմին՝ Ռուսաստանի կողքին։
* Հայ բնակչութեան օգնութիւնը ռուսական բանակին։
* Ռուսական բանակի հայազգի զօրավարներու ([[Լորիս-Մելիքով|Լորիս-Մելիքով,]] [[Տէր-Ղուկասով|Տէր-Ղուկասով,]] [[Լազարեւ,]] [[Շելքովնիքով]] եւ ուրիշներ) վճռորոշ դերը Կովկասեան ճակատի ռազմական գործողութիւններուն մէջ։
Այս հարցերուն իր աշխատութիւններուն մէջ յատկապէս մեծ տեղ յատկացուցած է Վ. Փոթթոն։
=== Ջարդերու Դատապարտումը եւ «Եղբայրական Օգնութիւնը» ===
1877-1878 թուականներու պատերազմէն եւ Պերլինի վեհաժողովէն ետք հրատարակուած գիրքերուն մէջ ցոյց տրուած է արեւմտահայերու համար ստեղծուած ծանր իրավիճակը եւ թրքական իշխանութիւններու բռնութիւններու սաստկացումը։ 1894-1896 թուականներու զանգուածային կոտորածները Ռուսաստանի մէջ յառաջացուցին բողոքի եւ հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան հզոր ալիք։
Ռուս յառաջադէմ հասարակայնութեան ներկայացուցիչները Մոսկուայի մէջ կազմակերպեցին երկու կարեւոր ժողովածուներու հրատարակումը․
# «Հայերու դրութիւնը Թուրքիոյ մէջ մինչեւ տէրութիւններու միջամտութիւնը 1895 թուական» (1896)
# «Եղբայրական օգնութիւն Թուրքիոյ մէջ տուժած հայերուն» (1897)
Այս վերջին ժողովածուի պատրաստութեան մասնակցեցան անուանի պատմաբաններ, ինչպէս՝ Մ. Քովալեւսքի, Փ. Միլիւքով, Լ. Քամարովսքի եւ ուրիշներ։ Յատկանշական է Լ. Քամարովսքիի դիրքորոշումը, որ տակաւին 1889-ին Լոնդոնի «Հայաստան» թերթին յղած նամակով դատապարտած էր մեծ տէրութիւններու քաղաքականութիւնը։ Իր «Արեւելեան Հարց» գիրքին մէջ ան խօսած է [[Ապտիւլ Համիտ Բ|սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի]] քաղաքականութեան եւ հայերու ջարդերուն մասին՝ շեշտելով տէրութիւններու միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը։
19-րդ դարու վերջին ռուս պատմաբաններու այլ գործերուն մէջ նոյնպէս արտացոլուած են 1894-1896 թուականներու իրադարձութիւնները, տէրութիւններու որոշումներու ձախողումը եւ հայերուն ցուցաբերուող գործնական օգնութեան բացակայութիւնը։
=== 20-րդ Դար ===
20-րդ դարու սկզբնաւորութեան եւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին, երբ Եւրոպայի մէջ կը ձեւաւորուէին նոր դաշինքներ, ռուսական պատմական գրականութեան մէջ արտացոլուեցան այնպիսի հարցեր, ինչպէս՝ երիտթուրքերու իշխանութեան գլուխ անցնիլը եւ անոնց քաղաքականութիւնը հայ բնակչութեան հանդէպ։ Այդ շրջանին նկատելի դարձաւ Ռուսաստանի քաղաքականութեան աշխուժացումը Թուրքիոյ նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի նախաձեռնութիւնն ու հետեւողական ջանքերը՝ Արեւմտեան Հայաստանի 1912-1914 թուականներու բարենորոգումներուն ուղղութեամբ։ Ասոր զուգահեռ, Ռուսաստանի մէջ մեծցաւ հետաքրքրութիւնը արեւմտահայերու ճակատագրին հանդէպ։
Ի. Ի. Կոլոպորոտքոյի աշխատութիւններուն մէջ («Հին ու նոր Թուրքիան», 1908, «Թուրքիա», 1912) կը լուսաբանուին Սասնոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի այլ վայրերու հայերու ջարդերուն հետ կապուած իրադարձութիւնները։ Հեղինակը կը ներկայացնէ վիճակագրական տուեալներ հայերու հսկայաթիւ զոհերուն ու կրած վնասներուն մասին, կը նկարագրէ հայերու ծանր վիճակը երիտթուրքերու օրօք եւ կը վերլուծէ անոնց քաղաքականութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Նմանատիպ հարցեր քննարկուած են նաեւ Վ. Վոտովոզովի, Ա. Քաֆմանի, Ս. Կորեայինովի, Ի. Ռ. Պաժենովի եւ Մ. Միխայլովի («Արիւնոտ սուլթանը», 1912) աշխատութիւններուն մէջ։
=== Պատերազմի Տարիները եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ===
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի իրադարձութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումը, հայերու տարագրութիւնը աշխարհով մէկ եւ հայկական կամաւորական շարժումը՝ այդ օրերուն դեռ չէին կրնար դառնալ խորունկ գիտական ուսումնասիրութեան առարկայ։ Այդ պատճառով ալ ժամանակի ռուսական պատմագրութեան մէջ գրեթէ չկան յատուկ այս հարցերուն նուիրուած մենագրութիւններ։
Ռուս պատմաբաններու վերաբերմունքը այդ իրադարձութիւններուն հիմնականին մէջ արտայայտուած է պարբերական մամուլին մէջ, որպէս ռուս հասարակութեան անմիջական արձագանգ՝ ի պաշտպանութիւն հայ ժողովուրդի կեանքին ու իրաւունքներուն։ Պատերազմի տարիներուն, հայ գաղթականներուն օգնելու եւ ռուս հասարակութեան հայերու տառապանքները ներկայացնելու նպատակով, սկսան հրատարակուիլ հետեւեալ պարբերականները.
* «Արմեանսքի վեստնիք» (Armianski vestnik - 1916, Մոսկուա) շաբաթաթերթը։
* «Արմեանէ ի վոյնա» (Armiane i voyna - 1916, Օտեսա) ամսագիրը։
Այս պարբերականներուն մէջ յատկանշական յօդուածներով հանդէս եկած են Փ. Պուրսքին, Փ. Տոլկորուքովը («Հայկական հարցը եւ ռուս հասարակութիւնը»), Վ. Օպնինսքին եւ Ֆ. Զապլուտովսքին («Ֆրանսան եւ Հայկական հարցը»)։
== Անգլիական Պատմագրութիւն<ref>{{Citation|title=Հայկական հարցը և հայերի ցեղասպանությունը պատմագրության մեջ|url=https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%A8_%D6%87_%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%AB_%D6%81%D5%A5%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A8_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%B4%D5%A1%D5%A3%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%B4%D5%A5%D5%BB&oldid=8612673|date=2023-02-12|accessdate=2026-04-28|language=hy}}</ref> ==
=== 19-րդ Դար ===
Հայ ժողովուրդի քաղաքական պատմութեան եւ Հայկական Հարցի խնդիրները 19-րդ դարու 70-ական թուականներէն սկսեալ իրենց արտայայտութիւնը գտած են անգլիական պատմագրութեան մէջ։
Արեւմտահայերու ծանր վիճակը սուլթանական տիրապետութեան տակ, թրքական իշխանութիւններուն կողմէ 1870-1880-ական թուականներուն հայերու հալածանքներուն ու ճնշումներուն սաստկացումը եւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դրսեւորումները քննարկուած են անգլիացի հեղինակներու աշխատութիւններուն մէջ (Ու. Տիւթոն, Ճէյմս Ֆարլէյ, Ճ. Փրոպին, Հ. Սենտուորթ, Ճ. Սմիթ, Ու. Ռայլի)։
Ս. Նորմանի, Ֆ. Կրինի եւ Զ. Ուիլիամսի հետազօտութիւններուն մէջ լուսաբանուած են․
* 1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ հայերու կացութիւնը։
* Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնները։
* Հայ բնակչութեան կողմէ ռուսական բանակին ցուցաբերուած օգնութիւնը։
Հայկական Հարցի շուրջ տէրութիւններու դիւանագիտական մրցակցութեան եւ 1878 թուականի [[Սան Սթեֆանոյի Պայմանագիր|Սան Սթեֆանոյի]] ու [[Պերլինի Վեհաժողով|Պերլինի]] բանակցութիւններուն նուիրուած են Մ. Մաքքոլի, Ս. Աբգարի, Ճ. Արկայլի, Ճէյմս Պրայսի, Թ. Հոլանտի եւ Մ. Սասլիի աշխատանքները։ Այս երկերուն մէջ արտայայտուած է Մեծ Բրիտանիոյ հասարակութեան մտահոգութիւնը արեւմտահայերու ճակատագրով, ինչպէս նաեւ առաջարկներ՝ բարենորոգումներու իրականացման եւ քրիստոնեայ բնակչութեան կենսապայմաններու բարելաւման վերաբերեալ։
=== Համիտեան Ջարդերը եւ Անգլիական Արձագանգը ===
Անգլիական պատմագրութեան մէջ լայն արտացոլում գտած են Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի հակահայկական քաղաքականութիւնը եւ 1894-1896 թուականներու զանգուածային կոտորածները։ 1889-1900 թուականներուն Մեծ Բրիտանիոյ մէջ հրատարակուած են աւելի քան 100 գիրք ու յօդուած Հայկական Հարցի մասին։
Այս շրջանի ջարդերուն եւ հայերու ազատագրական շարժման նուիրուած են Ռ. Տէյվիի, Է. Տիլոնի, Ու. Կլատսթոնի, Ռ. Կինեսի, Ու. Ռամզէյի, Հ. Լինչի եւ ուրիշներու աշխատութիւնները։
Անգլիացի հեղինակներու մօտեցումները տարբեր էին: Ոմանք կողմնակից էին Օսմանեան կայսրութեան բաժանման եւ անկախ Հայաստանի ստեղծման, ոմանք կը պահանջէին բարենորոգումներ՝ տէրութիւններու վերահսկողութեամբ, իսկ Ճ. Պրայսը եւ Մ. Մաքքոլը հայերու փրկութիւնը կը տեսնէին Մեծ Բրիտանիոյ ռազմական միջամտութեան մէջ։
Ճ. Արկայլի դքսի, Է. Տիլոնի, Հ. Լինչի եւ Ֆ. Սթիւընսընի երկերուն մէջ կը վերլուծուի եւ կը քննադատուի եւրոպական տէրութիւններու դիրքորոշումը Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ։ Փաստագրական հարուստ նիւթեր կը պարունակեն նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական վաւերագիրները եւ անգլիական հեղինակաւոր ամսագիրներու (ինչպէս՝ ''The Spectator'', ''Contemporary Review'') խմբագրական յօդուածները։
=== 20-րդ Դար ===
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին, անգլիական գրականութեան մէջ արծարծուած են Թուրքիոյ հայ բնակչութեան կացութեան, երիտթուրքական կառավարութեան ներքին քաղաքականութեան, Ատանայի 1909 թուականի ջարդերուն եւ 1912-1914 թուականներու բարենորոգումներուն վերաբերող հարցերը։ Բազմաթիւ անգլիացի հեղինակներ (Է. Փիրս, Ֆ. Քաւենտիշ, [[Է. Ռոպինսըն|Է. Ռոպինսըն,]] Է. Ֆերիման) կը նախազգուշացնէին Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը՝ հայութեան սպառնացող ֆիզիքական բնաջնջման վտանգին մասին։
Պատերազմի տարիներուն եւ անկէ ետք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ա՛լ աւելի կեդրոնացուց անգլիական պատմագրութեան ուշադրութիւնը։ Հրատարակուեցան արժէքաւոր փաստագրական ժողովածուներ, որոնցմէ յատկանշական են Ճէյմս Պրայսի («Հայերու վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. 1915-1916», 1916), Առնոլտ Թոյնպիի (փաստաթուղթերու ժողովածու, 1916) եւ [[Արամ Անտոնեան|Արամ Անտոնեանի]] («Նայիմ պէյի յուշերը», 1920) աշխատութիւնները։
Հայատեաց քաղաքականութեան, տեղահանութեան եւ գաղթականներու ծանր վիճակին մասին փաստական հարուստ նիւթեր կը պարունակեն նաեւ [[Ա. Սաֆրաստեան|Ա. Սաֆրաստեանի]], Ու. Ուիլիամսի, Լ. Չամպերսի եւ այլոց երկերը։
=== Յետպատերազմեան Շրջան եւ Քաղաքական Վերլուծութիւններ ===
Հետպատերազմեան միջազգային խորհրդաժողովներուն մէջ Հայաստանի հարցի քննարկման եւ Մեծ Բրիտանիոյ ստանձնած պարտաւորութիւններուն նուիրուած են Ճ. Պրայսի, Հ. Պաքսթոնի, Ս. Լիզի եւ Ճ. Մերիոթի ուսումնասիրութիւնները։
1920-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը, անգլիացի պատմաբանները շարունակած են հետազօտել․
# Մեծ տէրութիւններու քաղաքականութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ։
# Հայկական Հարցի քննարկումները միջազգային ատեաններու մէջ։
# Սփիւռքահայութեան ճակատագիրը Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։
# 1944-1946 թուականներուն Հայկական Հարցի վերարծարծման խնդիրները։
Այս թեմաներուն անդրադարձած են այնպիսի նշանաւոր հեղինակներ, ինչպէս՝ Դ. Լոյտ Ճորճը, Ա. Սարգսեանը, Ռ. Տակլըսը, Դ. Լանկը, Ա. Նասիպեանը եւ Ք. Ուոքըրը («Հայաստան. Մի ժողովուրդի վերապրումը»)։
Վերջին շրջանի աշխատութիւնները հիմնուած են Մեծ Բրիտանիոյ եւ այլ երկիրներու արխիւային նիւթերուն վրայ։ Անոնց մէջ ոչ միայն կը քննարկուին Ցեղասպանութեան խնդիրները, այլեւ կը շեշտուի հայ ժողովուրդի հինաւուրց մշակոյթն ու անոր ներդրումը համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ։
== ԱՄՆ-ի պատմագրութիւն<ref>{{Citation|title=Հայկական հարցը և հայերի ցեղասպանությունը պատմագրության մեջ|url=https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%A8_%D6%87_%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%AB_%D6%81%D5%A5%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A8_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%B4%D5%A1%D5%A3%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%B4%D5%A5%D5%BB&oldid=8612673|date=2023-02-12|accessdate=2026-04-28|language=hy}}</ref> ==
=== 19-րդ դար ===
ԱՄՆ-ի պատմագրութիւնը Հայկական հարցին եւ հայերուն անդրադարձած է դեռեւս 19-րդ դարու 90-ական թուականներուն, մասնաւորաբար՝ սկսած Օսմանեան կայսրութեան հայերու 1894-1896 թուականներու ջարդերէն եւ կոտորածներէն։ ԱՄՆ-ի բազմաթիւ ազդեցիկ թերթերու մէջ հրատարակուած են բազմաթիւ նիւթեր ու յօդուածներ արեւմտահայերու կեանքին, անոնց նկատմամբ սուլթանական կառավարութեան վարած քաղաքականութեան, Հայկական հարցին մէջ մեծ տէրութիւններու դիրքորոշման մասին, ինչպէս նաեւ դէպքերու ականատես ամերիկացի միսիոնարներու, դիւանագէտներու եւ փախստական հայերու վկայութիւններ։
Թուրքիոյ հայերու վիճակին ու հայկական կոտորածներուն մասին որոշակի եւ հաւաստի վկայութիւններ կը բովանդակեն ամերիկացի հեղինակներ՝ Տ. Օ. Շիի («Դժբախտ Հայաստան», 1895), Թ. Փեթըրսոնի («Թուրքիան եւ Հայկական հարցը», 1895), Չ. Մաքտերմոթի («Մեծ մարդասպանը եւ Հայաստանի քրիստոնեաները», 1897), Հ. Հիվերնաթի («Հայաստան. Անցեալը եւ ներկան», 1896), Տ. Կրեկորիի («Քրիստոնէական աշխարհի ոճրագործութիւնը. Հայկական ճգնաժամը եւ ջարդերը», 1900), Հ. Թափփըրի («Հայաստան, ներկայ ճգնաժամը եւ անցեալ պատմութիւնը», 1896) եւ ուրիշներու աշխատութիւնները։
Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան, Արեւմտեան Հայաստանի, Հայկական հարցին մէջ եւրոպական պետութիւններու եւ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ 1894-1896 թուականներու հայկական կոտորածներու հետազօտման արժէքաւոր աղբիւրներ են ամերիկացի միսիոնարներ՝ Է. Պլիսի («Թուրքիան եւ հայկական սարսափները»), Ս. Համլինի («Հայկական ջարդեր», 1895, «Հայաստանի նահատակութիւնը», 1896, «Հայ հպատակներու թրքական ջարդերու քաղաքականութեան ծագումն ու զարգացումը», 1899), Ֆ. Կրինի («Հայկական ճգնաժամը Թուրքիոյ մէջ. ջարդ 1894», 1895, «Հայկական ջարդերը կամ Մուհամմետի սուրը», 1896), Կ. Քիմպալի («Վանի ջարդերը», 1896, «Իրավիճակը Հայաստանի մէջ», 1896), լրագրողներ՝ Լ. Ապոթի («Հայկական հարց», 1896), Է. Կոտքինի («Հայկական տագնապներ», 1895, «Հայկական սարսափներ», 1897) եւ ուրիշներու ուսումնասիրութիւնները։
Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի հակահայկական քաղաքականութիւնը տագնապ յառաջացուց նաեւ հայկական ծագում ունեցող ամերիկացիներուն մօտ. լոյս տեսան Ա. Ագտերեանի («Թուրքը եւ Հայկի երկիրը, կամ Թուրքիան եւ Հայաստանը», 1896), Կ. Փափազեանի («Հայերու անցեալը եւ ներկան», 1891), Ա. Վարդուղեանի («Հայաստանի փորձութիւնը», 1896), Մ. Մանգասարեանի («Հայաստանի անխուսափելի կործանումը», 1896) աշխատութիւնները։ Առաւել մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն Ս. Գաբրիէլեանի («Հայերը կամ Արարատի ժողովուրդը», 1892, «Փաստեր Հայաստանի մասին», 1895, «Արիւնաքամ Հայաստանը, անոր պատմութիւնն ու սարսափները», 1897) ուսումնասիրութիւնները, որոնք ամերիկացի ընթերցողը կը ծանօթացնէին հայ ժողովուրդի տառապալից պատմութեան, արեւմտահայերու վիճակին եւ Հայկական հարցին մէջ պետութիւններու վարած քաղաքականութեան։
=== 20-րդ դար ===
Ատանայի հայ բնակչութեան կոտորածը (1909), Թուրքիոյ հայութեան տեղահանութիւններն ու կոտորածները լայնօրէն լուսաբանուած են ԱՄՆ-ի 1914-1923 թուականներու պատմագրութեան մէջ։ Երիտթրքական կառավարութեան կողմէ արեւմտահայերու ոչնչացման ու արտաքսման նախօրօք ծրագրուած քաղաքականութեան, հայկական կամաւորական շարժման եւ հայերու ինքնապաշտպանական կռիւներու վերաբերեալ բազմաթիւ վկայութիւններ ու դրուագներ ամփոփուած են Կ. Ռէյնոլտսի («Սարսափելի փորձութիւններ Վանի մէջ», 1916), Ու. Ռոքուէլի («Հայերու տեղահանութիւնը», 1916), Պ. Փափազեանի («Հայաստանի ողբերգութիւնը», 1918), Կ. Քնեփփի («Պիթլիսի ողբերգութիւնը», 1919), Ն. Տէր-Յակոբեանի («Հալածական Հայաստան», 1918), Կ. Ճենքինսի («Հայաստանը եւ հայերը», 1913), Թ. Օ'Քոննորի («Հայաստանը եւ անոր ապագան», 1917), Պ. Էպիի («Թուրք ելուզակներու իշխանութեան տակ», 1922), Ու. Քինկի («Թրքական ջարդեր Փոքր Ասիոյ մէջ», 1922), Կ. Մոնթկոմերիի («Հայերու ջարդերը 1915-ին», 1922) աշխատութիւններուն մէջ։
Յ. Կիպպոնսի գիրքերը («Հայաստանը համաշխարհային պատերազմին մէջ», 1926, «Նորագոյն պատմութեան ամէնասեւ էջը. Վերջին կոտորածները Հայաստանի մէջ, փաստեր եւ պատասխանատուութիւններ», 1916) կը հիմնուին հաւաստի փաստաթուղթերու վրայ, որոնց համար աղբիւր ծառայած են, մասնաւորաբար, Ամերկոմի (Near East Relief) զեկուցագիրները, գերմանացի միսիոնարներու նամակները, ամերիկեան եւ անգլիական թերթերու մէջ հրատարակուած բազմաթիւ վկաներու ցուցմունքները։ Հայոց ցեղասպանութեան կարեւոր աղբիւրներ են Թուրքիոյ մօտ ամերիկեան դեսպան Հ. Մորկընթաուի «Հայաստանի ողբերգութիւնը» (1918) եւ «Հայկական ջարդերու առթիւ» (1918) աշխատութիւնները։ 1926 թուականին լոյս տեսան «Դեսպան Մորկընթաուի յուշերը», ուր, մասնաւորաբար, շարադրուած են անոր զրոյցները Թալէաթ փաշայի եւ երիտթրքական այլ պարագլուխներու հետ։ Հայերու տեղահանութեան եւ Միջագետքի աւազուտներուն մէջ անոնց ոչնչացման նուիրուած գլուխները գրուած են Հալէպի ամերիկեան հիւպատոսի զեկոյցներու հիման վրայ։
Պատերազմի ժամանակ եւ անկէ ետք Հայկական հարցին մէջ ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական տէրութիւններու քաղաքականութեան, Հայաստանի անկախութիւն տալու եւ Հայաստանի նկատմամբ ամերիկեան մանդատ հաստատելու խնդիրներուն նուիրուած են Ու. Զիպերթի («Հայաստանին ինքնավարութիւն տալու իրաւունքը», 1916), Ֆ. Փաուըրսի եւ Կ. Վարդումեանի («Հայաստանը հայերուն համար», 1918), Վ. Վիլսոնի («Հայաստանի մանդատը», 1920, «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը», 1920), Կ. Մոսլիի («Հայաստանի մանդատը. զօրավար Թ. Հարպորտի հաշուետուութիւնը», 1929) եւ ուրիշներու աշխատութիւնները։
1930-ական թուականներու վերջաւորութենէն մինչեւ 1940-ականներու սկիզբը կը սկսի ԱՄՆ-ի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ տեղի հայ համայնքի դերի ուժեղացման, Հայոց ցեղասպանութեան փաստերու միջազգային ճանաչման եւ Թուրքիոյ զաւթած հայկական տարածքներու վերադարձման համար հայ սփիւռքի ծաւալած եռանդուն պայքարի շրջանը։ Հայկական հարցի եւ ցեղասպանութեան առանձին խնդիրներ կը լուսաբանուին հայ ժողովուրդի պատմութեան, անոր ազգային-ազատագրական պայքարի եւ միջազգային դիւանագիտութեան ընդհանուր հարցերուն նուիրուած ամերիկացի հեղինակներու ուսումնասիրութիւններուն մէջ։ Յիշատակելի են Կ. Փայէլեանի «Հայկական պատմութեան փուլերը» (1942), Կ. Պօղոսեանի «Հայոց պատմութեան եւ քաղաքականութեան կարեւորագոյն փուլերը» (1957), Վ. Քիւրքճեանի «Հայաստանի պատմութիւն» (1957), Ա. Զարդարեանի «Հայ ազատագրական շարժման պատմութեան ակնարկներ» (1959) եւ Լ. Նալպանտեանի «Հայ յեղափոխական շարժում» (1963) գործերը։
Հայկական հարցի 1870-1920-ական թուականներու պատմութեան առանձին խնդիրներ կը շօշափեն Ս. Սարգիսեանի, Զ. Վրթանէսի, Ա. Պլեքի, Ռ. Տէյվիսոնի, Մ. Միսակեանի, Ռ. Տէրեանի եւ Ռ. Յովհաննիսեանի ուսումնասիրութիւնները։ Լ. Կորտոնի («Ամերիկեան յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ. 1830-1930», 1938), Թ. Պէյլիի եւ Ճ. Կիտնէյի («Հայաստանի մանդատը», 1967) աշխատութիւններուն մէջ վերլուծուած է ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը Հայկական հարցին մէջ։
Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրներու վերաբերեալ ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսած են հարուստ փաստագրական նիւթեր պարունակող յատուկ ուսումնասիրութիւններ՝ Չ. Կութմանի, Տ. Պոյաճեանի, Կ. Պարտաքճեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ ականատեսներու (Ա. Յարութիւնեան, Ն. Կապիկեան, Լ. Տէյվիս) վկայութիւններ ու փաստաթուղթերու ժողովածուներ (Զ. Վրթանէս, Ճ. Նէյզըր)։ 1980-ին լոյս տեսաւ Ռ. Քլոյեանի «Հայկական ցեղասպանութիւն» ժողովածուն, որ ամերիկեան մամուլի մէջ հրատարակուած հարիւրաւոր յօդուածներու պատճէններու հաւաքածոյ է։ Ռ. Յովհաննիսեան կազմած է «Հայկական ողջակիզում» (1978) մատենագիտութիւնը։ Ցեղասպանութեան տեսական հարցերուն նուիրուած են Վ. Տատրեանի հետազօտութիւնները։
Թրքական իշխանութիւններու եւ պատմագիտութեան կողմէ հայոց պատմութեան կեղծման ու ցեղասպանութեան վարկաբեկման արշաւը աջակցութիւն կը գտնէ ամերիկացի որոշ քաղաքագէտներու ու պատմաբաններու մօտ (Ս. Շոու, Ք. Քարփաթ, Ճ. Մաքքարթի)։ 1986-ին թրքական-ամերիկեան ընկերութիւնը հրատարակեց «Հայերու պնդումները. առեղծուած եւ իրականութիւն» գիրքը, որ Հայկական հարցի եւ ցեղասպանութեան պատմութիւնը խեղաթիւրող միտումնաւոր նիւթերու հաւաքածոյ է։
== Գերմանական պատմագրութիւն<ref>{{Citation|title=Հայկական հարցը և հայերի ցեղասպանությունը պատմագրության մեջ|url=https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%A8_%D6%87_%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%AB_%D6%81%D5%A5%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A8_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%B4%D5%A1%D5%A3%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%B4%D5%A5%D5%BB&oldid=8612673|date=2023-02-12|accessdate=2026-04-28|language=hy}}</ref> ==
Գերմանական պատմագրութիւնը Հայկական հարցին անդրադարձած է 19-րդ դարու վերջին՝ Թուրքիոյ մէջ հայերու 1894-1896 թուականներու կոտորածներուն առնչութեամբ։
1896 թուականին լոյս տեսած է մարդասէր եւ հասարակական գործիչ Եոհաննէս Լեփսիուսի «Հայաստանը եւ Եւրոպան. Մեղադրանքներ քրիստոնեայ մեծ տէրութիւններուն եւ կոչ քրիստոնեայ Գերմանիոյ» գիրքը, որուն հիմքը հեղինակի՝ գերմանական մամուլին մէջ տպագրած յօդուածաշարքն էր՝ «Ճշմարտութիւնը Հայաստանի մասին» ընդհանուր խորագրով։
Բերուած նիւթերը համոզիչ կերպով կը փաստեն, որ թրքական ռազմական ու քաղաքացիական իշխանութիւնները անմիջական մասնակցութիւն ունեցած են հայերու կոտորածներուն, թալանին եւ քրիստոնեաներու բռնի իսլամացման գործին։ Լեփսիուսը մերկացուցած է ոճրագործութիւնը պարտակելու թրքական իշխանութիւններու ջանքերը եւ բացայայտած այն մեքենայութիւնը, որ մշակած էին թրքական կառավարող շրջանակները՝ արեւմտահայերու կոտորածներու լուրը Եւրոպա հասնելու պարագային մեղքը հայերուն վրայ ձգելու համար։
Լեփսիուսը նաեւ ապացուցած է թրքական մեկնաբանութեան միւս թէզին սնանկութիւնը, ըստ որուն՝ թրքական իշխանութիւնները իբր թէ անկարող էին «կեցնել» ջարդարարները։ Քննելով մեծ տէրութիւններու քաղաքականութիւնը Հայկական հարցին մէջ՝ ան յանգած է այն եզրակացութեան, որ ստորագրելով 1878 թուականի Պերլինի դաշնագիրը, անոնք գործնական քայլեր չձեռնարկեցին զայն իրագործելու համար, եւ հայ ժողովուրդը դարձաւ այդ տէրութիւններու երեսպաշտ քաղաքականութեան զոհը յետագայ տարիներուն։
1916 թուականին լոյս տեսաւ Լեփսիուսի «Հաղորդագրութիւն Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդի վիճակին մասին» աշխատութիւնը, որուն մէջ մտան հեղինակի՝ 1915-ին Կոստանդնուպոլիս կատարած այցելութեան ժամանակ գերմանացի միսիոնարներէն ու պաշտօնեաներէն, ինչպէս նաեւ չէզոք երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներէն հաւաքած վկայութիւնները։ Այս տուեալները կու տային ցեղասպանութեան իսկական պատկերը եւ կը բացայայտէին տեղահանութեան բուն նպատակը՝ հայ բնակչութեան բնաջնջումը։
Անոր հաշուարկներով՝ սպաննուած ու տեղահանուած հայերու ընդհանուր թիւը 1,396,350 հոգի էր։ Ան կը շեշտէր, որ որոշ վայրերու մէջ հայերու կազմակերպած ինքնապաշտպանութիւնը միանգամայն օրինական քայլ էր՝ խաղաղ բնակչութեան բնաջնջման իրական վտանգին դէմ յանդիման։ [[Եոհաննէս Լեփսիուս|Լեփսիուսը]] կը պնդէր, որ տեղահանութեան ու զայն իրագործելու եղանակներուն համար պատասխանատուութիւնը կ'իյնայ թրքական կառավարութեան վրայ, որ որեւէ արդարացում չունի։ Ան Եւրոպայի մէջ առաջինն էր, որ Օսմանեան կայսրութեան արիւնալի իրադարձութիւնները կապեց բանթուրքիզմի գաղափարախօսութեան հետ։ 1919-ին «Հաղորդագրութիւնը...» վերահրատարակուեցաւ կարեւոր լրացումներով եւ «Հայ ժողովուրդի կործանումը» ենթախորագրով (1930-ին իրականացաւ 4-րդ հրատարակութիւնը)։
Հայերու կոտորածի գերմանական առաջին վկայութիւններէն եղաւ Հալէպի գերմանական դպրոցի ուսուցիչ Մարթին Նիփակէի դիմումը՝ «Քանի մը խօսք գերմանական ժողովուրդի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն» (1919. մինչ այդ հրատարակուած էր անգլերէն եւ ֆրանսերէն), որ կը մերկացնէր երիտթուրքերու ոճրագործութիւնները եւ Գերմանիան կը մեղադրէր Հայկական հարցին մէջ վարած իր քաղաքականութեան համար։
Արեւելագէտ Եոզեֆ Մարքուարտի «Հայ ազգի ծագումն ու վերածնունդը» աշխատութեան մէջ յանգած է այն եզրակացութեան, որ օսմանեան կառավարութիւնը մօտալուտ համաշխարհային պատերազմը նկատած է որպէս ամէնապատեհ առիթը՝ հայերու ոչնչացման վաղուց յղացած ծրագիրը իրագործելու համար։ Ան նշած է, որ սահմանադրութեան հռչակումէն ետք դարձեալ Թուրքիոյ կառավարող շրջանակներու հիմնական կարգախօսն էր՝ «երբ հայերը չըլլան, չ'ըլլար նաեւ Հայկական հարցը»։ Հեղինակը շեշտած է, որ երիտթուրքերը իրենց դաժանութեամբ ոչնչով զիջած են Ապտիւլ Համիտ Բ.-ին։ Եո. Մարքուարտը խստօրէն դատապարտած է գերմանական կառավարութիւնը, գլխաւոր շտապն ու մամուլը, որոնք, ըստ իրեն, նոյնպէս պատասխանատու են Հայոց ցեղասպանութեան համար։
Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ նշանակալի ներդրում է Հենրիխ Ֆիրպիւխերի «Հայաստան 1915. Ի՞նչ պահած է կայսերական կառավարութիւնը գերմանացի հպատակներէն. Մշակութային ժողովուրդի մը կոտորածը Թուրքիոյ կողմէ» աշխատութիւնը։ Հեղինակը, որ հասարակական գործիչ, խաղաղասիրական (պացիֆիստական) շարժման մասնակից ու հակաֆաշիստ էր, Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն պաշտօնավարած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ։
Ֆիրպիւխերը քննարկած է Հայկական հարցին առնչուող խնդիրներու լայն շրջանակ, արծարծած է Գերմանիոյ պատասխանատուութեան հարցը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ եւ բացայայտած՝ երիտթուրքերու համաթրքական (պանթրքական) ձգտումներուն էութիւնը։ Ան կը գտնէր, որ 1915 թուականի տեղահանութիւնը ծրագրուած սպանութիւն էր։ Աշխատութիւնը կ'աւարտի «Խաբուած ժողովուրդը» (եզրոյթը փոխառուած է [[Ֆ. Նանսէն|Ֆ. Նանսէնէն]]) գլուխով, ուր հեղինակը կը նշէ, թէ «նոր բռնապետ [[Քեմալ փաշայ|Քեմալ փաշան]] [[Մեհմեթ Թալէաթ փաշա|Թալէաթի]] եւ [[Էնվէր Փաշա|Էնվէրի]] արժանի յաջորդն է»<ref>Հենրիխ Ֆիրբյուխեր «Հայաստան 1915։ Ի՞նչ է թաքցրել կայսերական կառավարությունը գերմանական հպատակներից։ Մի կուլտուրական ժողովրդի կոտորածը Թուրքիայի կողմից», էջ 79</ref>։ Ֆիրպիւխերը կը համարէր, որ Լոզանի պայմանագիրը հայերուն համար «իրենց բոլոր յոյսերուն կործանումն էր», եւ կը նկատէր, որ եթէ կայ բնագաւառ մը, ուր Ազգերու լիգան ոչինչ ըրած է, ապա ատիկա Հայկական հարցն է։
Ֆաշիզմի յաղթանակը Գերմանիոյ մէջ, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմն ու հիթլերեան Գերմանիոյ պարտութիւնը փաստօրէն գերմանական հասարակութեան յիշողութենէն ջնջեցին հայ ժողովուրդի բնաջնջման իրողութիւնն ու այն մարդոց անունները, որոնք հանդէս եկած էին հայերու պաշտպանութեամբ։ Քանի մը տասնամեակ գերմանական պատմագրութիւնը յատուկ կերպով չէր զբաղեր Հայկական հարցի լուսաբանմամբ։ 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի միջազգային յարաբերութիւններով ու Գերմանիոյ արտաքին քաղաքականութեամբ զբաղող գերմանացի պատմաբանները կը շօշափէին այդ խնդիրներուն միայն որոշ կողմերը։ 1970-ական թուականներուն գերմանական պատմագրութեան մէջ կրկին հետազօտութեան առարկայ դարձան Հայկական հարցն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Ցեղասպանութեան հարցին նուիրուած է Էռնսթ Վեռների «Հայկական սարսափներ. 1915-1916՝ հայուն հնարա՞ծն է արդեօք» աշխատանքը (1973)։ 1977-ին Միւնիխի Հայկական խնդիրներու հիմնարկը հրատարակեց [[Փեթեր Լաննէ|Փեթեր Լաննէի]] «Հայաստան, հարիւրամեակի առաջին ցեղասպանութիւնը» աշխատութիւնը, ուր մանրամասնօրէն լուսաբանուած են Օսմանեան կայսրութեան 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի իրադարձութիւնները, հայերու կոտորածները Կիլիկիոյ եւ Թուրքիոյ միւս մասերուն մէջ։ ամէնամեծ գլուխը («Նիւրնպերկը չկայացաւ») նուիրուած է Հայկական հարցին՝ մինչեւ 1921-ի Լոնտոնի խորհրդաժողովը։ Պ. Լաննէն կը նշէր, որ եթէ հրեաներու ցեղասպանութեան մեղաւորները իրենց արժանի պատիժը ստացան Նիւրնպերկի մէջ, ապա մեր դարաշրջանի «առաջին ցեղասպանութիւնը՝ հին քրիստոնեայ ու մշակութային ժողովուրդի մը նկատմամբ» մնաց անպատիժ. «Դատ չեղաւ, նիւրնպերկեան դատավարութիւն տեղի չունեցաւ, նոյնիսկ դատաքննութիւն չկատարուեցաւ»։
Գերմանիոյ մերձաւորարեւելեան քաղաքականութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեին, թուրք-գերմանական դաշինքի կնքումն ու անոր հետեւանքները կը քննարկուին Պ. Շուլթէի «1914 թ. պատերազմէն առաջ. Գերմանիան, Թուրքիան եւ Պալքանները» (1980) եւ «Եւրոպական ճգնաժամը եւ առաջին համաշխարհային պատերազմը» (1983) աշխատութիւններուն մէջ։ Հեղինակը կը գտնէ, որ գերմանա-թրքական դաշինքը օգտակար էր բացառապէս Թուրքիոյ։
Մէկ այլ հետազօտող՝ Գրեկոր Շէօլկէնը, իր «Իմպերիալիզմ եւ հաւասարակշռութիւն. Գերմանիան, Անգլիան եւ Արեւելեան հարցը. 1871-1917» գիրքին մէջ, նկարագրելով քրիստոնեաներու ծանր վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, կը գրէ, որ Հայկական հարցը իր մէջ կը պարունակէր Թուրքիոյ անդամահատման (մասնատման) վտանգը։ Այդ հանգամանքը տէրութիւնները օգտագործեցին ի նպաստ իրենց շահերուն։ Պաշտպանելով 1912-1914 թուականներու Արեւմտեան Հայաստանի բարենորոգումներու ծրագիրը՝ Գերմանիան կը ձգտէր խափանել Թուրքիոյ մասնատման ուղղուած ռուսական քաղաքականութիւնը։
1970-1980-ական թուականներուն Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան (ԳԴՀ) մէջ լոյս տեսնող «Բոկրոմ» (Pogrom) ամսագրի էջերուն մէջ տպագրուած են Օսմանեան կայսրութեան հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ յօդուածներ, փաստաթուղթեր ու լուսանկարներ։ Այդ խնդիրին նուիրուած է ամսագրի յատուկ համար մը (1979, N 64), ուր զետեղուած են 1894-1896 եւ 1915-1918 թուականներու հայկական ջարդերուն մասին տուեալներ։
[[Թեսսա Հոֆման]]<nowiki/>ի ծաւալուն յօդուածին մէջ («Հայերու դրութեան շուրջ») կը քննարկուին հայ ժողովուրդի աշխարհաքաղաքական դիրքը, Հայկական հարցի «լուծման» թրքական եղանակը, հակահայկական քարոզչութիւնը Թուրքիոյ մէջ եւ Հայկական հարցի արդի վիճակը։ Հեղինակը լայնօրէն կ'օգտագործէ Գերմանիոյ արխիւներու, Եոհաննէս Լեփսիուսի, Արմին Վեկների եւ ուրիշներու նիւթերը։ Հայկական հարցին նուիրուած նոյն հեղինակի եւ Ժ. Քոչարեանի բազմաթիւ յօդուածներ աւելի ուշ լոյս տեսան «Հայաստան. Ցեղասպանութիւն. Տեղահանութիւն. Աքսոր» (1987) առանձին ժողովածուով։ 1987-ին Հերման Կոլցը հրատարակեց Եո. Լեփսիուսի յիշատակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի նիւթերու ժողովածուն։
Հայկական հարցին ու Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զգալի տեղ յատկացուցած են նաեւ Էննօ Մէյերը եւ Արա Պէքեանը իրենց «Յռենոսի եւ Արաքսի միջեւ. գերմանա-հայկական կապերու 900 տարին» (1988) գիրքին մէջ։ Ծաւալուն փաստագրական նիւթերու հիման վրայ անոնք կը քննեն Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեաներու վիճակը, Պերլինի վեհաժողովէն ետք հայ բնակչութեան նկատմամբ թրքական իշխանութիւններու վերաբերմունքը, հայերու կոտորածներն ու Գերմանիոյ դիրքորոշումը անոնց հանդէպ։ Գիրքին մէջ կը խօսուի նաեւ գերմանական եւ զուիցերիական բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ հայ գաղթականներուն մատուցուած օգնութեան մասին։
Գերմանացի հետազօտողները զգալի աշխատանք կատարած են Հայկական հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող փաստագրական նիւթերու հրատարակման ուղղութեամբ։ Այդ կարեւոր գործը սկզբնաւորած է Եոհաննէս Լեփսիուսը։
1916 թուականին Պերլինի մէջ հրատարակուեցաւ ժողովրդական վրիժառու [[Սողոմոն Թեհլիրեան|Սողոմոն Թեհլիրեանի]] դատավարութեան սղագրութիւնը, ուր մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն վկաներու ցուցմունքներն ու Եո. Լեփսիուսի փորձագիտական եզրակացութիւնը, որոնք նպաստեցին Թեհլիրեանի արդարացման։ 1980 թուականին Կէօթինկընի մէջ լոյս տեսաւ դատավարութեան արձանագրութիւններու նոր հրատարակութիւնը («Հայոց ցեղասպանութիւնը դատարանի առջեւ. Թալէաթ փաշայի դատավարութիւնը», ներածութիւնը՝ Թ. Հոֆմանի)։
Հայկական հարցին վերաբերող փաստաթուղթեր կան նաեւ 1922-1927 թուականներուն Պերլինի մէջ հրատարակուած «Եւրոպական կապինէներու մեծ քաղաքականութիւնը. 1871-1914» դիւանագիտական փաստաթուղթերու 40-հատորեայ շարքին մէջ, որուն պատրաստման մասնակցած է Եո. Լեփսիուսը։
1984 թուականին ԳԴՀ-ի մէջ հրատարակուեցաւ «Լռութեան ոճրագործութիւններ. Հայերու նկատմամբ գործադրուած թրքական ցեղասպանութեան դատաքննութիւնը Ժողովուրդներու մշտական ատեանին առջեւ» նիւթերու ժողովածուն։ Ժողովուրդներու մշտական ատեանի նիստերը տեղի ունեցան 1984-ի Ապրիլին եւ իրենց վրայ սեւեռեցին եւրոպական հասարակութեան ուշադրութիւնը։ Ժողովածուի հրատարակիչն ու ներածականի հեղինակը Թ. Հոֆմանն է։ Վերատպուած է նաեւ Եո. Լեփսիուսի «Գերմանիան եւ Հայաստանը. 1914-1918» ժողովածուն, որուն վերջաբանը գրած է [[Մ. Ռայներ]]-Լեփսիուսը։
Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան աղբիւրագիտութեան մէջ լուրջ ներդրում են 1987-1988 թուականներուն Հայկական խնդիրներու հիմնարկի հրատարակած «Հայոց ցեղասպանութիւնը» բազմահատորեակի առաջին երկու եւ 8-րդ հատորները։ Առաջին հատորը փաստաթուղթերու, թերթերէն ու գիրքերէն քաղուածքներու հաւաքածոյ է (բնագիր լեզուներով)։ Երկրորդ հատորին մէջ տեղ գտած են Աւստրիոյ արխիւներուն մէջ Ա. Օհանջանեանի յայտնաբերած բազմաթիւ նոր վաւերագիրերը, որոնք կը լրացնեն արեւմտաեւրոպական ու ամերիկեան արխիւներու նիւթերը։
Գերմանացի յառաջադէմ պատմաբանները եւ անոնց կողմէ գիտական շրջանառութեան մէջ դրուած բազմաթիւ նիւթերը մեծապէս կը նպաստեն Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան անկողմնակալ լուսաբանման։
== Ծանօթագրութիւններ ==
[[Ստորոգութիւն:Հայկական հարց]]
[[Ստորոգութիւն:Հայոց ցեղասպանութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Պատմագրութիւն]]
p65k0xtvxm4pc003kn1ow08qoe8gc0j
Մհերի Դուռ
0
4730
250580
178737
2026-04-27T15:30:13Z
Azniv Stepanian
8
250580
wikitext
text/x-wiki
[[Պատկեր:Door of Mher 001.jpg|մինի|աջից]]
'''«Մհերի դուռ» կամ «Ագռաւի քար»''', սրբազան քարաժայռ [[Վանայ բերդ|Վանայ]] բերդին մօտ։ Ըստ աւանդութեան, այդտեղ փակուած է աշխարհի անարդարութիւններէն խռոուած «Սասնայ ծռեր» դիւցազներգութեան վերջին հերոսը՝ [[Փոքր Մհեր]]ը։ Ըստ աւանդութեան՝ ամէն տարի, Համբարձման ու [[Վարդավառ]]ի գիշերը, երբ երկինքն ու երկիրը զիրար կը համբուրեն, Մհեր իր հրեղէն նժոյգով դուրս կու գայ, կը շրջի երկինքի եւ երկրի մէջ, բայց համոզուելով, որ դեռ «գետինը չի կրնար դիմանալ իր ծանրութեան», դարձեալ կը վերադառնայ իր տեղը։ Իբր թէ օր մը Մհեր դուրս պիտի գայ հոնկէ՝ ազատելու «հայուն աշխարհը» չար ուժերէ եւ հիմնելու երջանիկ թագաւորութիւն մը։ Աւանդութեան մեջ պահպանուած է Միհր աստուծոյ երկրորդ գալստեան եւ աշխարհը չար ոգիներու իշխանութենէն ազատելու գաղափարը։
== Նկարագրութիւն ==
Վանի Մհերի դուռ անուանումը ստացած ժայռախորշը կը գտնուի աւելի քան 50 մեթր բարձրութեան վրայ: Աստիճանները կը տանին դէպի խորշին մուտքը. ժայռին ստորոտը` ստորերկրեայ այլ շինութիւն մը եւս կայ: Դրան չափերն են շուրջ 2 մեթր լայնք եւ 4,5 մեթր բարձրութիւն։ Իսկ ժայռին ստորոտէն կարելի է բարձրանալ մինչեւ դրան սեմը, շուրջ՝ 20 մեթր։
Մհերի դուռ խորշը նշանաւոր է կրօնական բնոյթի սեպագիր արձանագրութեամբ, որ փորագրուած է Իշպուինիի (825-810) եւ Մենուայի (810-786) օրերուն: Լայն ճանաչում ստացած են նաեւ [[Վան]]<nowiki/>ի ժայռին մէջ փորուած արհեստական անձաւները եւ ընդարձակ շինութիւնները: Անձաւներուն մէկ մասը, դամբարանի դեր կատարած է: Չարխի ֆալակը լերան գագաթէն մինչեւ անոր խորքերը իջնող անցք է, որ ըստ աւանդութեան կը տանի դէպի «Բախտի անիւ»ը (Չարխի-ֆալակը): Նոյն ժայռին երկարաձիգ շարունակութեան վրայ, արեւմտեան կողմը, քարին ճակատը տաշուած է շրջանակի մէջ առնուած քառանկիւնի մուտքի ձեւով: Ժողովուրդը դուռը կը կոչէ Մհերի դուռ: Մուտքին մակերեսը ամբողջութեամբ ծածկուած է բեւեռագիրերով, որոնք պաշտամունքային բովանդակութիւն ունին:
== Աւանդապատում ==
Մհերի դուռը կը կոչուի նաեւ «Ագռաւի կամ Ակրփու քար»<ref>{{Cite web|url=https://movsisyannune.com/2013/05/18/%d5%b4%d5%b0%d5%a5%d6%80%d5%ab-%d5%a4%d5%b8%d6%82%d5%bc-%d5%af%d5%a1%d5%b4-%d5%a1%d5%a3%d5%bc%d5%a1%d5%be%d5%b8%d6%82-%d6%84%d5%a1%d6%80-2/|title=Մհերի դուռ կամ Ագռաւու քար|last=|first=|date=2013-05-18|website=Հայկական կակաչ (Papaver Armeniacum)|publisher=|language=}}</ref>, որ ըստ աւանդութեան, կապուած է [[Սասունցի Դաւիթ]] դիւցազներգութեան հետ:[[Պատկեր:Door of Mher.JPG|մինի|աջից]]Սասունցի Դաւիթի հայրն էր Մեծ Մհերը, Առիւծաձեւ, քանի որ ան առիւծ մը ձեւած՝ երկուքի բաժնած էր։ Իսկ Դաւիթի որդին ալ կոչուած էր իր մեծ հօր անունով՝ Մհեր, զոր զանազանելու համար մեծ հօրմէն, կոչած էին Պզտիկ՝ Փոքր Մհեր։ Բայց Փոքր Մհեր այնքան հսկայացած էր, որ այլեւս ծերացած աշխարհը չէր կրնար կրել անոր ծանրութիւնը, եւ հողին մէջ կը խրուէր իր ձիուն՝ Քուռկիկ Ջալալիի սմբակները․
{{Քաղվածք|Այն ատեն Մհեր եկաւ հասաւ Վանայ մօտ սարի տակ ժայռի մը առաջ. թուրը որ զարկաւ, քարը երկուքի բաժնուեցաւ, ինք եւ ձին գացին մէջը, քարը եկաւ իրար կպելով գոցուեցաւ…։}}
Աւանդութիւնը կ'ըսէ, թէ Փոքր Մհեր, իր հօր` դիւցազն Դաւիթի անէծքին պատճառով բանտարկուած է այդ ժայռ-քարանձաւին մէջ:
{{քաղվածք|Քանի աշխարք չար է, Հողն էլ ղալբցեր է, Մէջ աշխարքին ես չեմ մնայ։ Որ աշխարք աւերուի, մէկ էլ շինուի, Եբոր ցորեն էղաւ քանց մասուր մի, ու գարին էղաւ քանց ընկուզ մի, Էն ժամանակ հրամանք կայ, որ էլնենք էդտեղէն։|}}
Տարին մէկ անգամ կը բացուին ժայռին դռները, երկինքէն իջնող մանանայով կը սնանին Մհերն ու իր ձին, այնուհետեւ դարձեալ կը փակուին ժայռին դռները: Ըստ աւանդութեան, Մհերը իր ձիուն հետ այդտեղ պէտք է մնան, մինչեւ որ աշխարհի վրայ թագաւորեն մարդասիրութիւնը, արդարութիւնը, ազնուութիւնը, խաղաղութիւնը եւ գաղափարական կեանքը: Փոքր Մհեր Վանայ ժայռէն դուրս պէտք է գայ Մհերի դրան միջոցով:
{{քաղվածք|Ըստ աւանդութեան, Մհերի Դրան վերեւէն սեւ ջուր մը կաթ-կաթ կը ծորի։ Կ՚ըսեն թէ` Մհերն ու իւր ձին Աստուծոյ հրամանով փակուեր են այնտեղը։ Այն սեւ ջուրը Մհերի ձիուն շեռն է։ Այդ դրան ետին ճախրի ֆալակ կը դառնայ, այսինքն աշխարհի մարդկանց կամ երկրագունդին ճախրը, անիւը, չարխը։ Մհերը այդ ճախրի դադարումով պիտի ազատուի եւ դուրս ելլելով աշխարհը աւերէ։ Եւ թէ ամէն տարի Համբարձման գիշերը երկինք գետին իրար կը համբուրեն, այդ րոպէին Մհերի Դուռը կը բացուի եւ ո՛վ որ արթուն մնացեր ու այդ վայրկեանը տեսեր է, ինչ որ սիրտն ուզեր այնպէս եղեր է։ Որովհետեւ Մհերի Դուռը բաց է այն րոպէին, ով որ ներս մտնէ, որքան ոսկի ուզէ կ՚առնէ դուրս կ՚ելլէ, վասնզի հոն աշխարհի ոսկին կուտակուած է։ Թէեւ քանի մը մարդիկ փորձեր են ու ագահ լինելով շատ վերցնելու համար ուշացեր, դուռը գոցուեր, ներսը մնացեր են»։
«Ուրեմն՝ այս կերպով Մհեր կը լինի աշխարհի բախտը դարձնող ու ոսկի բաշխող չաստուած մը։ Գուցէ Մհեր Արեւու Աստուած Մեծն Միհրը լինի եւ իւր դուռը ուղղակի հարաւոյ կամ արեւու հանդէպ լինելով՝ պաշտելու պատշաճ…։| Գէորգ Մեսրոպ}}<ref>[http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/10622/hahryenakidutiwn-hahryenasirutiwn-11-mhyeri-tur-abaraj-hishvoghutiwni Նախահայաստանի Պատմութիւն-Ուրարտու]</ref>
[[Պատկեր:Մհերի Դուռ.jpg|մինի|ձախից|Մհերի Դուռ]]
Դուռը կը կոչուի նաեւ Խալդիի կամ աստուծոյ դարպասներ: [[Ուրարտու]]ի մէջ «աստուծոյ դարպասներ» կոչուած են այս տաճարները: «Աստուծոյ դարպասները», փոքրաթիւ բացառութիւններով, նուիրուած էին Խալդիին. արձանագրութիւններու մէջ, ուրարտական արքաները, «դարպասներ» կառուցած են միայն Խալդիին համար: Խալդիի պաշտամունքը այնքան առաջնային էր Ուրարտուի մէջ, որ Գ. Ղափանցեանը զայն անուանած է «խալդամոլութիւն»:<ref>[https://movsisyannune.com/2013/05/18/%D5%B4%D5%B0%D5%A5%D6%80%D5%AB-%D5%A4%D5%B8%D6%82%D5%BC-%D5%AF%D5%A1%D5%B4-%D5%A1%D5%A3%D5%BC%D5%A1%D5%BE%D5%B8%D6%82-%D6%84%D5%A1%D6%80-2/ Մհերի Դուռ]</ref>
== Մհերի Դուռը Վանի թագաւորութեան անկումէն ետք ==
Վանի թագաւորութեան անկումէն ետք Մհերի Դուռը կը կորսնցնէ իր կարեւոր նշանակութիւնը, իսկ վանեցիներու գլխաւոր աստուած [[Խալդի]]ի (Հայկի) պաշտամունքը, որուն նուիրուած էր այդ դուռը, կը միաձուլուի Միհրի պաշտամունքին հետ։ Սակայն ժողովրդական հաւատալիքներուն մէջ Մհերի Դուռը մինչեւ Ի. դար կը մնայ որպէս կարեւորագոյն պաշտամունքային վայր։
Այս յուշարձանը ներկայիս կը գտնուի Վանայ քարաբերդի հիւսիս-արեւելեան կողմէն դէպի Վարագայ լեռները բոլորուող լեռնագօտիի մը վրայ։ Հայկական աւանդութիւնը այս լեռնագօտին անուանած է Տոսպեան Բլուր<ref>{{Cite web|url=http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/10622/hahryenakidutiwn-hahryenasirutiwn-11-mhyeri-tur-abaraj-hishvoghutiwni|title=Հայրենագիտութիւն Հայրենասիրութիւն 11-Մհերի Դուռ՝ ապառաժ յիշողութիւնը {{!}} Ակօս|last=|first=|date=|website=|publisher=|language=|accessdate=}}</ref>, որ կը կարծուի թէ նախապէս միացած էր Վանայ բերդի ժայռերուն հետ եւ երկրաշարժի հետեւանքով բաժնուած է անկէ։
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
[[Ստորոգութիւն:Հայոց պատմութիւն]]
j0fa3enb5jq00j82h0sf7tkticd1vph
Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիր (1916)
0
5921
250575
230016
2026-04-27T15:12:07Z
Azniv Stepanian
8
250575
wikitext
text/x-wiki
[[Պատկեր:MPK1-426 Sykes Picot Agreement Map signed 8 May 1916.jpg|մինի|Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրին կցուած քարտէսը]]
'''Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիր''', գաղտնի համաձայնագիր, որ կնքուած է [[1916]] թուականի [[Մայիս 16]]–ին, [[Մեծ Բրիտանիա|Մեծ Բրիտանիոյ]] եւ [[Ֆրանսա]]յի միջեւ, որ վաւերացուցած էին Ռուսական կայսրութիւնը եւ Իտալիան, [[Օսմանեան կայսրութիւն|Օսմանեան կայսրութեան]] ասիական տիրոյթներու ասիական, առաջին կարգին՝ [[Օսմանեան կայսրութեան արաբական նահանգներ|արաբական նահանգներու]] բաժանման մասին։
Համաձայնագիրի նախագիծը պատրաստած էին դիւանագէտներ՝ անգլիացի Մարք Սայքսը եւ ֆրանսացի ժորժ Փիքոն, ուրկէ յառաջացած է Սայքս-Փիքոյի անուանումը։ Գաղտնի ստորագրած են Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Քրէյն ու Ֆրանսայի դեսպան՝ Պ. Գամպոնը [[Լոնտոն]]ի մէջ, [[1916]]-ի Մայիսին։
Համաձայնագիրի նպատակն էր բեղմնաւոր կիսալուսինը բաժնել Ֆրանսայի եւ Բրիտանիայի միջեւ, սահմանել ազդեցութեան տարածքներ Արեւմտեան Ասիայի եւ բաժնել Օսմանեան կայսրութիւնը, որ վերահսկում էր այդ շրջանը Առաջին համաշխարհային պատերազմին։ Համաձայնագիրը հիմնուած էր այն նախադրեալի վրա, որ Եռակի Անտանտը կը յաջողի յաղթել Օսմանեան կայսրութեան, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ եւ կազմեց շարք մը գաղտնի համաձայնագրեր, որոնք յոյս ունէին բաժնել զայն: Նախնական բանակցութիւնները, որոնք յանգեցուցին համաձայնագրին, տեղի ունեցան 1915 թուականի Նոյեմբերի 23-էն մինչեւ 1916 թուականի Յունուարի 3-ը, այն օրը, երբ ֆրանսացի դիւանագէտ Ֆրանսուա-Ժորժ-Փիքոն եւ բրիտանացի Մարք Սայքսը ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագրեր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ: Բրիտանիան եւ այն ժամանակ ցարական Ռուսաստանը՝ այդ երկիրներու կառավարութիւնները համաձայնագիրը վաւերացուցած են 1916 թուականի Մայիսի 9-ին եւ 16-ին։<gallery>
Պատկեր:Sykes-Picot-hu.svg|Տարածաշրջաններու բաշխումը Ռուսաստանի, Մեծ Բրիտանիայի եւ Ֆրանսայի միջեւ
</gallery>Համաձայնագիրը փաստացի բաժնեց Արաբական թերակղզիէն դուրս գտնուող օսմանեան արաբական պետութիւնները՝ Անգլիայի եւ Ֆրանսայի կողմէ վերահսկուող կամ ազդեցութեան տակ գտնուող տարածքներու։ Համաձայնագրով Մեծ Բրիտանիային յատկացուած է ներկայիս Պաղեստինը, Յորդանանը, Իրաքի հարաւը եւ լրացուցիչ փոքր տարածք, ներառեալ Հայֆա եւ Ակր նաւահանգիստները, որպէսզի թոյլ տան մուտք գործել դէպի Միջերկրական ծով: Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսային, ապա ան կը վերահսկէ հարաւ-արեւելեան Թուրքիան, հիւսիսային Իրաքը, Սուրիան եւ Լիբանանը։ Ներառուած Սազոնով-Պալեոլոկ համաձայնագրի արդիւնքով՝ Ռուսաստանը Կոստանդնուպոլսէն բացի՝ ձեռք կը բերէր նաեւ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կոստանդնուպոլսի պայմանագրով (1915թ.) արդէն խոստացուած թրքական նեղուցները։ Իտալիան համաձայն գտնուեցաւ այս համաձայնագրին 1917 թուականին՝ Սեն-Ժան-դե-Մորենի պայմանագրով, որպէսզի ունենայ հարաւային Անատոլիան: Ինչ կը վերաբերի Պաղեստինի տարածաշրջանին, որ աւելի փոքր սահմաններ ունի, քան աւելի ուշ լիազօրուած Պաղեստինը, ապա անիկա կը գտնուի «միջազգային կառավարման» ներքեւ։
Համաձայնագիրն ի սկզբանէ օգտագործուած է որպէս ուղղակի հիմք՝ 1918 թուականի անգլօ-ֆրանսական ժամանակաւոր կարգաւորման համար: Աւելի մեծ մասշտաբով ուղղակի արշաւանքը պէտք է յանգեցնէր Օսմանեան կայսրութեան բաժանման, 1918 թուականին անոր պարտութենէն յետոյ: Պատերազմէն անմիջապէս յետոյ ֆրանսացիները Պաղեստինը եւ Մոսուլը զիջեցան բրիտանացիներուն: Լեւանտը եւ Միջագետքը մանդատի տակ դրուեցան Սան Ռեմոյի համաձայնագրով, 1920 թուականի Ապրիլին՝ համաձայն Սայքս-Փիքոյի շրջանակին: Բրիտանական մանդատը Պաղեստինի նկատմամբ շարունակուեցաւ մինչեւ 1948 թուականը եւ բրիտանական մանդատը Իրաքի նկատմամբ փոխարինուեցաւ մանդատային Իրաքի հետ համանման պայմանագրով, իսկ ֆրանսական մանդատը Սուրիոյ եւ Լիբանանի նկատմամբ շարունակուեցաւ մինչեւ 1946 թուականը: Անատոլիական մասերը սահմանուեցան Սեւրի պայմանագրին համաձայն՝ մինչեւ Օգոստոս, 1920 թ.: Բայց այս յաւակնութիւնները խափանուեցան 1919-1923 թուականներու թրքական անկախութեան պատերազմով։
Շատերը համաձայնագիրը կը համարեն շրջադարձային՝ արեւմուտք-արաբական յարաբերութիւններուն մէջ: Միացեալ Թագաւորութիւնը չեղեալ յայտարարեց արաբներուն տրուած իր խոստումները՝ կապուած Մեծ Սուրիոյ տարածաշրջանին մէջ արաբական ազգային հայրենիքի հետ՝ Օսմանեան կայսրութեան դէմ Բրիտանիային աջակցելու դիմաց: Պայմանագրի պայմանները բացայայտուեցան, երբ 1917 թուականի Նոյեմբեր 23-ին բոլշեւիկները եկան Ռուսաստան եւ կրկնուեցան 1917 թուականի Նոյեմբերի 26-ին բրիտանական The Guardian թերթին մէջ տեղ գտած տողերը. «անգլիացիները կամչնային, արաբները դժգոհ էին եւ թուրքերը հիացած էին»։ Համաձայնագրի ժառանգութիւնը կը շարունակէ ստուեր ձգել տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւններուն վրայ<ref>{{Citation|title=اتفاقية سايكس بيكو|url=https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%A7%D8%AA%D9%81%D8%A7%D9%82%D9%8A%D8%A9_%D8%B3%D8%A7%D9%8A%D9%83%D8%B3_%D8%A8%D9%8A%D9%83%D9%88&oldid=65672789|date=2024-01-10|accessdate=2024-05-04|language=ar}}</ref>:
== Ծանօթագրութիւններ ==
<references />
{{ՀՍՀ}}
{{ՀՀ}}
{{ՀՀՀ}}
[[Ստորոգութիւն:Հայկական հարց]]
[[Ստորոգութիւն:Պայմանագիրներ]]
55ymuzlsn3qdjaiw5yw7pp57875qejv
Սան Սթեֆանոյի Պայմանագիր
0
5923
250576
248036
2026-04-27T15:14:23Z
Azniv Stepanian
8
250576
wikitext
text/x-wiki
{{Տեղեկաքարտ Պայմանագիր
| անուն = Սան Սթեֆանոյի պայմանագիր
| Ամբողջական_անուն =
| Պատկեր = Подписание Сан-Стефанского договора, 1878.jpg
| Վերնագիր = Սան Սթեֆանոյի պայմանագրի ստորագրումը, [[1878 թուական|1878]]
| Ձեւ = նախնական հաշտութեան պայմանագիր
| Պատրաստման_թուական =
| Ստորագրութեան_թուական = [[1878 թուական|1878]] [[Փետրուար 19]] ([[Մարտ 3]])
| Ստորագրութեան_վայր = Սան Սթեֆանօ, այժմ Եշիլկեյ
| Հաստատուած_կնիքով =
| Ուժի_մեջ_մտած_է =
| Պայմաններ =
| Ուժը_կորցսնցուցած_է =
| Ստորագրած_են = [[կոմս Ն. Իգնատէ]], [[U. Նելիդով]] (Ռուսաստան) եւ [[Սաւֆետ փաշա]]ն ու [[Սահադուլլահ բեյ]]ը (Օսմանյան կայսրութիւն)
| Կողմեր = {{դրօշավորում|Ռուսական կայսրություն}}
----
{{դրօշավորում|Օսմանյան կայսրություն}}
| Պահման_վայր =
| Լեզու =
| Լեզուներ =
| website = [http://historyarmenia.org/3885.html Սան Ստեֆանոյի նախնական հաշտության պայմանագիր {{ref-hy}}]
| wikisource =
|Անուն=Սան Սթեֆանոյի Պայմանագիր}}
[[Պատկեր:Bulgaria-SanStefano -(1878)-byTodorBozhinov.png|260px|աջից|մինի|Սան Ֆրանսիսկոյ քաղաքը՝ Պուլկարիայի հարեւանութեամբ]]
[[Պատկեր:HouseOfSanStefanoTreaty.jpg|260px|մինի|աջից|Տունը, ուր ստորագրուած է Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրը]]
'''Սան Սթեֆանոյի պայմանագիր''', [[Ռուսաստան]]ի եւ [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմանեան կայսրութեան]] միջեւ, 19 Փետրուար [[1878 թուական|1878]]-ին (3 Մարտին) [[Կոստանդնուպոլիս|Կոստանդնուպոլսոյ]] արուարձան Սան Սթեֆանոյի մէջ կնքուած նախնական հաշտութեան պայմանագիր մը, որմով կ'աւարտի [[1877 թուական|1877]]-[[1878 թուական|1878]] թուականներու [[ռուս-թրքական պատերազմ]]ը։ Այս դաշնագիրը մեծ նշանակութիւն ունեցած է պալքանեան ժողովուրդներու՝ թրքական լուծէն ազատագրման եւ [[Հայկական հարց]]ի<nowiki/>ն միջազգայնացման գծով։ Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրին դրոյթները վերանայուած են [[Պերլին]]ի քոնկրէսի արդիւնքով ընդունուած փաստաթուղթին մէջ։
Ստորագրած են [[19 Փետրուար|19]] [[19 Փետրուար|Փետրուարին]] ([[Մարտ 3|3 Մարտ]])-ին Սան Սթեֆանոյի մէջ ([[Կոստանդնուպոլիս|Կ.Պոլսոյ]] մօտ) Ռուսաստանի կողմէն [[կոմս Ն. Իգնատէ]]ն ու [[U. Նելիդով]]ը, Թուրքիոյ կողմէն՝ [[Սաւֆետ փաշա|Սաւֆէտ փաշա]]ն ու [[Սահադուլլահ բեյ|Սաաատուլլահ պէյ]]ը։
Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրը կ'երաշխաւորէ Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը, որն է. «անյապաղ կենսագործել հայաբնակ մարզերու տեղական կարիքներէն բխող բարելաւումներ եւ բարեփոխումներ»<ref>[[Արա Պապյան]] - Հայրենատիրություն. Հայոց պահանջատիրության իրավական հիմունքները և հարակից հարցեր (հոդվածների ժողովածու), Ասողիկ, [[Երևան]], [[2012]] (ISBN 978-9939-50-190-1, ՀՏԴ՝ 941(479.25):341(045), ԳՄԴ՝ 63.3(2Հ) + 67.91ց1, Պ234: Համակարգչային շարվածքը և ձևավորումը՝ [[Դաւիթ Աբրահամյան|Դաւիթ Օ. Աբրահամյանի]])</ref>:
== Պայմանագիրին հիմնական կէտերը ==
Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրով Չերնոգորիան, [[Սերպիա]]ն եւ [[Ռումանիա]]ն անկախ ճանչուեցան։ [[Պոսնիայ եւ Հերցեկովինա|Պոսնիա եւ Հերցեկովինա]]ն ինքնավարութիւն կը ստանան [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմանեան կայսրութեան]] շրջանակներուն մէջ։ [[Պուլկարիա]]ն (Արեւելեան Ռումելիայով, Մակեդոնիայով եւ Թրակիոյ մէկ մասով՝ մինչեւ [[Սալոնիկ]] եւ [[Եգէական Ծով|Եգէական ծով]]) հռչակուած էր ինքնավար իշխանութիւն՝ տէրութիւններու համաձայնութեամբ եւ Բարձր դրան կողմէն հաստատուող իշխանութեամբ։ Թրքական զօրքերը դուրս կը դրուին Պուլկարիայէն, իսկ Ռուսական զօրքերը կը մնան հոն՝ 2 տարուան ժամկէտով։
Թուրքիա կը պարտաւորէր Ռուսաստանին վճարել 1410 միլիոն ռուպլի ռազմատուգանք, որուն մեծ մասը (1100 միլիոն ռուպլի) կը փոխարինուէր տարածքային զիջումներով. Եւրոպական մասին՝ Տուլչայի սանճաքի դիմաց Ռուսաստան կը ստանար [[1856 թուական|1856]]-ի [[Փարիզ]]ի պայմանագիրով իրմէ անջատուած Հարաւային [[Պեսարաբիա|Պեսարապիա]]ն, Ասիականին մէջ՝ [[Արտահան]]ը, [[Կարս]]ը, [[Բաթում|Պաթումը]], [[Պայագէտ|Պայազիտ]]ը եւ մինչեւ [[Սողանլուղ|Սողանլուխ]] ինկած տարածքը (տես [[Պերլին]]ի քոնկրէս [[1878]] յօդուածին քարտէսը)։
== Սան Սթեֆանոյի Պայմանագիրը եւ Հայերը ==
Յատուկ յօդուածով ([[16]]-րդ) կը նախատեսուէր վարչական բարենորոգումներ կատարել [[Արեւմտեան Հայաստան]]ի մէջ։ Պատերազմին յաջող ընթացքը եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասին գրաւումը ռուսական զօրքերուն կողմէ, ազատագրական յոյսեր ներշնչեցին [[Ռուսաստան]]ի, ինչպէս նաեւ հայկական շրջաններուն։ [[1877]]-ի վերջը [[Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ]] հայոց ազգային ժողովը մերժեց հայերը զօրակոչելու սուլթանին «իրատէ»ն (հրամանագիրը), որովհետեւ փաստօրէն հայերը հրաժարեցան ռուսական բանակի դէմ զէնք վերցնելէ։
Յունուար [[1878]]-ին Կ. Պոլսոյ պատրիարք [[Ներսես Վարժապետեան|Ներսէս Վարժապետեան]]ը ազգային ժողովին կը ներկայացնէ տեղեկագիր մը, ուր շարադրուած էր Հայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը՝ [[Լիբանան]]ի օրինակով ([[1864]]-ի կանոնադրութեամբ Լիբանան կը կառավարէր քրիստոնեայ ընդհանուր նահանգապետը)։ Ծրագիրը, որ ամենայն հաւանականութեամբ թելադրուած էր թրքական կառավարութեան եւ Անգլիոյ կողմէ, կը մերժուի։ Կ. Պոլսոյ եւ [[Անդրկովկաս]]ի հայ քաղաքական շրջաններու (որոնք արեւմտահայութեան ազատագրութեան հարցը կը կապէին Ռուսաստանի հետ) ճնշման տակ Կ. Պոլսոյ պատրիարքն ու իր ներկայացուցիչին՝ [[Ադրիանուպոլիս|Ադրիանուպոլսոյ]] առաջնորդական փոխանորդ [[Գեւորգ վարդապետ Ռուսչուգլեան|Գէորգ վարդապետ Ռուսչուգլեան]]ի միջոցով (որուն կը միանան [[Ստեփան Ասլանեան]]ը եւ [[Հովհաննես Նուրեան|Յովհաննէս Նուրեան]]ը), իսկ աւելի ուշ նաեւ անձամբ շփման մէջ կը մտնէ ռուսական հրամանատարութեան (Մեծ իշխան [[Նիկոլայ Նիկոլաեւի]]չ) եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու (Իգնատեւ, Նելիդով) հետ ու խնդրագիր կը յղէ [[Ալեքսանդր II կայսր|Ալեքսանտր Բ. կայսր]]ին։ Նոյն ատեն, [[Գրիգոր Արծրունի]]ի նախաձեռնութեամբ, խնդրագիր մը կը ներկայացուի [[Կովկաս]]ի փոխարքային։ Ռուսական կառավարութիւնը կը համաձայնի հայերու վերաբերեալ յատուկ կէտ մը աւելցնել ռուս-թրքական պայմանագիրին մէջ։ Այս յօդուածը չի գոհացներ հայերը, քանի որ հոն խօսք մը անգամ չկար անոնց ակնկալած ինքնավարութեան մասին։ Յօդուածին այդպիսի չափաւորութիւնը կը բացատրուէր Ռուսաստանի վրայ [[Անգլիա|Անգլիոյ]] դիւանագիտական ճնշումով, որ իր շահերը վտանգուած կը տեսնէր Ասիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ [[Հնդկաստան]] տանող ճանապարհներուն վրայ։
Նոր պատմութեան շրջանին մէջ առաջին անգամ «Հայաստան» անուանումը եւ «հայեր»ը յիշատակուած էր միջազգային դաշնագիրին մէջ<ref>[http://www.noravank.am/upload/pdf/33_ru.pdf Կիրակոսյան Ա.Ջ. Հայկական հարցը եվ հայերի ցեղասպանությունը (պատմաիրավական եռալեզու տեղեկանք). - Եր.։ «Նորավանք» ԳԿՀ, 2006. - 103 էջ]</ref>։ Պայմանագիրին 16-րդ յօդուածին մէջ կ'ըսուէր։ «Նկատի առնելով, որ ռուսական զօրքերուն դուրսբերումը անոնց կողմէն գրաւուած Հայաստանի` Թուրքիոյ վերադարձուելիք վայրերէն, կրնայ այնտեղ առիթ տալ բախումներու եւ բարդութիւններու, որոնք երկու պետութիւններու բարի յարաբերութիւններուն վրայ կ'ունենան վնասակար ազդեցութիւն, Բարձր Դուռը կը պարտաւորէ անյապաղ կենսագործել հայաբնակ մարզերու տեղական կարիքներէն յարուցուող բարելաւումներ եւ բարենորոգութիւններ, եւ պահել հայերու անվտանգութիւնը քիւրտերէն եւ չերքէզներէն»<ref>{{Cite web |url=http://historyarmenia.org/3885.html/2 |title=Հայաստանի պատմություն |accessdate=2016-03-25 |archive-date=2019-04-07 |archive-url=https://web.archive.org/web/20190407174129/http://historyarmenia.org/3885.html/2 |dead-url=yes }}</ref>։ Պայմանագիրին [[19]]-րդ յօդուածով Ռուսաստանին կ'անցնէր [[Կարս]]ը, [[Արտահան]]ը, [[Պայազիտ]]ը, [[Պաթում]]ը, [[Օլթի]]ն, [[Արտանուջ]]ը, [[Արդուին|Արտուին]]ը, [[Ալաշկերտ]]ը, [[Կաղզուան]]ը եւ [[Խումար]]ը։
== Սան Սթեֆանոյէն Պերլին ==
Եւրոպական մեծ պետութիւնները՝ [[Անգլիա]], [[Ֆրանսա]], [[Իտալիա]] ի հարկ է չէին կրնար անտարբեր մնալ Ռուսիոյ այս յառաջխաղացքին նկատմամբ: Օսմանեան Կայսրութեան մէջ աւելի մէծ իրաւունքներ եւ ազդեցութիւն ձեռք բերելը անոնց միջեւ մրցակցութեան հարց էր։ Մտահոգ էր մանաւանդ Անգլիան, որ կը ջանար սահմանափակել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։ Անգլիոյ վարչապետ Տիզրայէլին եւ արտաքին գործոց նախարար Սալիզպըրին կրցան յաջողեցնել [[Պերլինի Վեհաժողովը|Պերլինի վեհաժողովը]] որ պիտի գումարուէր Յունիս [[1878]]-ի, եւ մեծ պետութիւնները պիտի վերանայէին Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրը: [[Ալեքսանդր Բ.|Ալեքսանտր Բ. ցարը]], որ արդէն իր կայսրութեան մէջ ներքին դժուարութիւններու դիմաց կանգնած էր, չկրցաւ ընդդիմանալ եւ ընդունեց Պերլինի վեհաժողովի գումարումը:
Նոյն ատեն,Յունիս [[1878]]-ին, Թուրքիոյ հետ գաղտնի համաձայնագիր մը կնքելով, Անգլիա կը տիրանայ Կիպրոս կղզիին (զայն երկար ժամանակաշրջան մը վարձու առնելու անուան տակ) եւ փոխարէնը կը խոստանայ Ռուսիոյ դէմ օսմանեան Թուրքիոյ շահերը պաշտպանել:
== Արտաքին յղումներ ==
* [http://historyarmenia.org/3885.html Սան Ստեֆանոյի նախնական հաշտության պայմանագրի ամբողջ տեքստը՝ թարգմանված հայերէն] {{Webarchive|url=https://web.archive.org/web/20190407174129/http://historyarmenia.org/3885.html |date=2019-04-07 }}
* [http://www.azg.am/AM/2009032504 Արմեն Մանվելյան ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՎԱՆԱԳԻՏՈՒԹՅԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹՅԱՆ ՄԵՋ. ՍԱՆ ՍՏԵՖԱՆՈ]
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{commonscat|Treaty of San Stefano}}
[[Ստորոգութիւն:Հայկական հարց]]
9fdyn1x58r1ejtvudiiiirayihg6zfi
Համշեն
0
6994
250578
151861
2026-04-27T15:20:53Z
Azniv Stepanian
8
250578
wikitext
text/x-wiki
{{Անաղբիւր}}{{Տեղեկաքարտ Բնակավայր|կարգավիճակ=Գաւառ}}
'''Համշեն''' կամ Համամշեն, հայկական կիսանկախ իշխանութիււն, ապա՝ հայաբնակ գաւառակ [[Սեւ Ծով|Սեւ ծովու]] հարաւ-արեւելեան ափին, VIII դարու վերջերուն-XX դարու սկիզբին։ Ներկայիս կը գտնուի [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] մէջ՝ [[Արեւմտեան Հայաստան]]։ Համշենագիտութիւնը 19րդ եւ 20րդ դարերէն սկսեալ դարձաւ հետաքրքրութիւն մը հայ եւ օտար հեղինակներու համար։
=== Պատմական Ակնարկ ===
17-18րդ դարերուն կրօնափոխութեան հետեւանքով ձեւաւորուած է կրօնափոխ հայութեան 2 մեծ հանրութիւն.- համշենի հայերը եւ դերսիմի հայերը։ Այս երկու հանրութիւնները հեռացան հայկականութենէն կրօնափոխութեան եւ լեզուն կորսնցնելու հետեւանքով, բայց ամբողջովին չձուլուեցան եւ չթրքացան։
=== Ուրկէ՞ եկած է «համշեն» անունը ===
8րդ դարու վերջը Բիւզանդիոնի կայսրի կողմէ հայ Ամատունի նախարարներու նուիրուած Տամբար քաղաքը յարձակման կ'ենթարկուի եւ կը հրկիզուի։ Համամ Ամատունի կը վերշինէ Տամբարը եւ զայն կ'անուանէ «համամաշեն»։
=== Տարանման Աւազանը ===
15րդ դարէն սկսեալ համշենի իշխանութիւնը կը դառնայ կիսանկախ, իյնալով Օսմանեան կայսրութեան ձեռքին տակ։ Օսմանեան կայսրութեան բռնի իսլամացման երկարատեւ ու հետեւողական քաղաքականութեան ու ցեղասպանութեան հետեւանքով համշենահայութիւնը տարածուեցաւ։ Ան ըստ բնակութեան վայրի, կրօնքի եւ լեզուի, բաժնուեցաւ երեք հիմնական խումբերու.-
* Արեւմտեան համշենահայեր՝ կ'ապրին թրքական Ռիզք եւ այլ նահանգներու մէջ, թրքախօս եւ սիւննի մահմետական են։
* Արեւելեան համշենահայեր՝ կ'ապրին Արդուինի նահանգին մէջ, հայախօս եւ պահպանած են Համշենի բառբառը։ Սիւննի մահմետական են։
* Հիասային համշենահայեր՝ կ'ապրին Ռուսիոյ Կրասնոդարի երկրամասին մէջ։ Կը խօսին բառբառը, կը տիրապետեն ռուսերէնին եւ գրական արեւելահայերէնին։ Քրիստոնեայ են, հայ առաքելական։
[[Պատկեր:Rize Turkey Provinces locator.jpg|300px|մինի|Համշենը քարտեսին վրայ]]
=== Համշենահայերու թիւը ===
Տարբեր հետազօտողներ կը նշեն 1,5-էն 2 միլիոն եւ աւելի՝
*Կարգ մը թիւեր պղտոր են տարբեր շրջաններուն մէջ։
*Միջին Ասիա եւ Ռուսաստան՝ 5000
*Աբխզիա՝ 65000-70000
*Հայաստան՝ 4000-5000
*Եւրոպա եւ ԱՄՆ ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած համշենահայերու չուսումնասիրուած թիւ մը։
=== Հեմշիլներն Այսօր ===
Հեմշիլները կը գտնուին թրքական մշակոյթի ազդեցութեան տակ, բայց կը պահպանեն ազգային սովորութիւնները, երգերը, պարերը եւ մայրենի բառբառը։ Անոնց գերեզմանատունները թուրքերէ հեռու, իրենց պարտէզներուն մէջ է։ Համշենահայերը ազգային, հոգեւոր, մշակութային, ինքնութեան վերականգնում ունին։
[[Ստորոգութիւն:Հայոց պատմութիւն]]
kdnvxf283moffeb0zngcrw82bpd3y9x
250579
250578
2026-04-27T15:21:20Z

24u62gqbu0gygpi67shl7jnpd4yr21m
Հայ Դատի Յանձնախումբ
0
7021
250574
166246
2026-04-27T15:07:56Z
Azniv Stepanian
8
250574
wikitext
text/x-wiki
'''Հայ դատի յանձնախումբ''' (անգլ. Armenian National Committe^iuj ազգային կոմիտէ), [[ՀՅԴ]] կուսակցութեան Ամն-ի մասնաճիւղի հասարակական աշխատանքներու եւ կառավարական յարաբերութիւններու ազգային յանձնախումբն է։ Կը պաշտպանէ հայ ժողովրդի պահանջքներն ու ազգային ձգտումները, կը ներկայացնէ հայութեան հաւաքական տեսակէտը բոլոր մակարդակներով։ Ամն-ի մէջ ունի երկու հիմնական բաժանմունք արեւելեան եւ արեւմտեան։ Տնօրէններուն խորհուրդը յարաբերութիւններն կ'իրականացնէ դաշնակցային, իսկ մասնաճիւղային խորհուրդները՝ շրջանային մակարդակով։ Հայ դատը գրասենեակները ունի [[Ուաշինկթըն]]ի, [[Պոսթըն]]ի, [[Լոս Անճելըս]]ի, [[Սան Ֆրանսիսքոյի Հայերը|Սան Ֆրանսիսքո]]յի եւ [[Ֆրեզնօ|Ֆրեզնո]]յի մէջ, իսկ յանձնախմբներ ունի Ամն-ի միւս հայաշատ քաղաքներուն մէջ։
== Հայ դատի կանոնադրութիւն ==
Ըստ յանձնախումբի կանոնադրութեան, Հայ դատը կամ աւելի լայն առումով՝ հայկական հարցը մէկ համադրոյթ է, որ ունի քաղաքական, տարածքային, բարոյական, սոցիալ-տնտեսական եւ իրաւական հայեցակէտ։ Ելելով հայ իրականութեան այժմեայ վիճակէն, երբ ներկայ [[Հայաստանի Հանրապետութեան]] մէջ եւ [[Կովկաս]]ի հայաբնակ շրջաններուն մէջ կ'ապրին հայ ժողովուրդին գրեթէ կէսը, միւսը՝ խորհրդային Միութեան այլ մասերուն մէջ ու աշխարհի շատ երկրներու մէջ, իսկ Հանրապետութեան տարածքը կը զբաղեցնէ [[Սեւրի պայմանագիր]]ը (1920) ճանաչուած եւ [[Վուտրօ Ուիլսըն]]ի գծած սահմաններով հայկական հողերու միայն 1/6 մասը, երբ բռնագրաւուած արեւմտեան Հայաստանը ամայի ու դատարկուած կը մնայ իր բնիկ բնակչութենէն (մինչ այդ սփիւռքահայերը իրենց ինքնութիւնը կորցնելու մշտական վտանգի տակ են), եւ թուրք, կառավարութիւնը նպատակամղուած կը փորձէ ջնջել արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու պատմական ներկայութեան ամէն մէկ հետք (պատմ. յուշարձաններու աւերման ու անոնց պատկանելութեան Ճիշդը չարափոխելու համար). երբ միջազգային իրաւունքը 1915-ին սկսած հայերու ցեղասպանութիւնը կը ճանաչայ որպէս շարունակուող յանցանք, Հայ դատը կը գտնէ, որ [[Արեւմտեան Հայաստան]]ն ու [[Արեւելեան Հայաստան]]ը պէտք է միաւորուին մէկ միացեալ հայկական պետութեան մէջ։ Այն պէտք է ընդգրկէ նաեւ ԽՍՀՄ-ի (այժմ արդէն՝ նախկին) հայկական այն տարածքները, որոնք արհեստականօրէն անջատուած են այսօրուան [[Հայաստան]]էն: Հայկական հարցի լուծումը կը պահանջէ ոչ միայն գոհացում ու հատուցում [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|ցեղասպանութեան]] կամ հայերուն կորուստներուն համար, այլեւ ազատ եւ ռամկավար պետութեան ստեղծում։
== Հայ դատի գործառոյթները ==
Հայ դատի քաղաքական գործողութիւններու եւ կառավարական կապերու բաժինը կ'օժանդակէ հայերու ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնսդրական գործերու ստեղծման տեղական, դաշնակցային եւ միջազգային մակարդակներով, ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հայ ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքին խախտումներուն վրայ։ Նշելու միջոցառումներէն են հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ամն-ի կոնգրէսի ներկայացուցիչներու պալատի ընդունած բանաձեւը ([[1984]]) եւ [[Լեռնային Ղարաբաղ]]ի մասին սենատի յանձնարարականը (1989): Կալիֆորնիայի մէջ նահանգային իշխանութիւններու որոշմամբ 1990-ի [[24 Ապրիլ|Ապրիլ 24]]-ը նշուած է որպէս ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր։ Նահանգի հանրային դպրոցներուն մէջ մտցուած են հայերու ցեղասպանութեան դասընթացներ, կազմուած են դասագիրք «Հայ Դատ»: Հայ դատը ֆինանսաւորած է ցեղասպանութեան մասին տեսաժապաւէններու արտադրութիւնը, ցոյցեր ու հանրային այլ միջոցառումներ կազմակերպած է Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի դէմ՝ դատապարտելով հայերու ցեղասպանութիւնն ու ջարդերը այդ երկիրներուն մէջ, [[Արցախ]]ի ու Հայաստանի շրջափակին մէջ։
== Հայ դատի յանձնախումբերը ==
Հայ դատին կից կը գործէ հետազօտական կեդրոն, որ կ'ուսումնասիրէ եւ կը վերլուծէ իրադրութիւնը Հայաստանի մէջ, Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան եւ Թուրքիոյ մէջ։ Անոր ջանքերով մասնաւորապէս լոյս տեսած են հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի եւ Ազրպէյճանի իրադրութեան վերաբերող շարք մը աշխատութիւններ։
Հայ դատի տեղական յանձնախումբերը կը գործէն [[Եւրոպա]]յի, [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի, [[Լատինական Ամերիկա]]յի շարք մը երկրներու մէջ, 1991-էն՝ [[Երեւան]]ի մէջ։ Եւրոպայի, յատկապէս [[Ֆրանսա]]յի եւ [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերը 1970-1980-ական թուականներուն զգալի աշխատանք կատարեցին հայկական հարցին վերաբերեալ միջազգային հասարակական կարծիքի ձեւաւորման ուղղութեամբ, եւ նպաստեցին հայկական հարցին քննարկման՝ Եւրոխորհրդարանին մէջ։
[[Ստորոգութիւն:Հայկական հարց]]
== Տե՛ս նաեւ ==
[[ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակ]]{{ՀՍՀ}}
33020zoldeyjmas3lg2g3ws848k6sy1
Քահանայ
0
19985
250581
188041
2026-04-27T15:34:46Z
Azniv Stepanian
8
250581
wikitext
text/x-wiki
'''Քահանայ''' Պատարագող եկեղեցական, տէրտէր (ամուսնացած), երէց (ծուխի տէր): Հայ եկեղեցւոյ աւագ երեք աստիճաններէն մէկն է՝ Սարկաւագութիւն, Քահանայութիւն, [[Եպիսկոպոս|Եպիսկոպոսութիւն]]։
Քահանային հիմնական պատասխանատուութիւնն է Քրիստոսը քարոզել, հաւատացեալներուն Հոգեւոր կարիքները բաւարարել, խորհրդագործել։ Բացի Ձեռնադրութեան խորհուրդէն, եկեղեցւոյ խորհուրդներուն՝ ([[Մկրտութիւն]], Դրոշմ, Խոստովանանք եւ Ապաշխարութիւն, Ս. Հաղորդութիւն, Պսակ) մատակարարումը կատարել<ref>[https://www.churchofjesuschrist.org/manual/fulfilling-my-duty-to-god-for-aaronic-priesthood-holders/priest-priesthood-duties?lang=hye Քահանան]</ref>։
Քահանան հրաման ունի յանուն Ս. Երրորդութեան մեղքերու թողութիւն շնորհելու, բժշկելու եւ խրատելու քրիստոնեային։ Քահանայութեան աստիճանի հիմնական նշանը փորուրարն է՝ (PATRAXILH), որ երկու ուսերուն վրայ հանգչած վիզէն անցնելով կրծքավանդակէն վար կը կախուի։ Ձեռնադրութեան պահուն, ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը երբ փորուրարը կ'անցընէ ընծայեալին վիզը, հետեւեալ բանաձեւը կ'ըսէ. «Ս. Հոգիէն կարողութիւն ստացիր կրելու մեր Տիրոջ՝ [[Յիսուս Քրիստոս|Յիսուս Քրիստոսի]] լուծը։»
Փորուրարը ցոյց կու տայ քահանայական կարգ ստանձնողին պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը ամբողջովին ընդունելու Քրիստոսի լուծը։ Այս իսկ պատճառով, քահանաներ կը համարուին առաքեալներ եւ Քրիստոսի գործի լիիրաւ շարունակողներ։
Քահանային պարտաւորութիւնն է՝ քարոզել, ուսուցանել, մեկնաբանել, յորդորել եւ այցելել իւրաքանչիւր անդամի տուն եւ յորդորել, որ աղօթեն բարձրաձայն եւ գաղտնի, կատարեն ընտանեկան բոլոր պարտականութիւնները<ref>[https://www.churchofjesuschrist.org/study/manual/fulfilling-my-duty-to-god-for-aaronic-priesthood-holders/priest-priesthood-duties?lang=hye Քահանային պարտաւորութիւնները]</ref>:
{{քաղուածք|Քահանաները պէտք է հետեւին, որ եկեղեցւոյ մէջ անօրէնութիւն չըլլայ, ոչ ստախօսութիւն, ոչ բամբասանք, ոչ ալ չարախօսութիւն. եւ հետեւին, որ եկեղեցին յաճախ հաւաքուի միասին|(ՎՈւ 20.54)}}
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
dboarygtrpibwbv38qk57kumpzbxzcn
Միթիքաս (լեռնագագաթ)
0
24460
250584
249730
2026-04-28T06:42:18Z
Geometrisis
8891
250584
wikitext
text/x-wiki
{{Տեղեկաքարտ Բնակավայր
| կարգավիճակ = Լեռնագագաթ
|պատկեր=Mytikas peak 02.jpg
|պատկերի նկարագրութիւն= Միթիքաս․ [[Ողիմպոս]] լերան բարձրագոյն գագաթը
|Քարտես =
|Քարտեսի լայնութիւն =
|պահպանման տարածք=|երկիր=Յունաստան| |տարածք= |բնօրինակ անուանում=Μύτικας (βουνοκορφή) |շրջան=|բարձրութիւն=2917․727}}
'''Միթիքաս''' ([[Յունարէն|յուն․՝]] Μύτικας)․ [[Յունաստան|Յունաստանի]] [[Ողիմպոս]] լերան բարձրագոյն գագաթն է, իսկ<nowiki/>[[Պալքանիոյ թերակղզի|Պալքանիոյ թերակղզիին]]՝ երկրորդը։ Բարձրութիւնը յետ բծախնդիր ուսումնասիրութիւններու 2917,727մ․ է։
== Տեղեկութիւններ ==
Միթիքաս կոր գագաթ է եւ Սթեֆանի գագաթին հետ՝ Ողիմպոսին 3-րդ գագաթը, կարծես կը կազմեն եռանկիւնի մը երկու կողմերը։
Միթիքան ըլլալով Ողիմպոսին բարձրագոյն գագաթը, ծանօթ է որպէս երկոտասան աստուածներուն բնակարանը, իսկ Սթեֆանի գագաթը որպէս [[Զեւս|Զեւսին]] գահը։
== Լեռնագնացութիւն ==
Հակառակ անոր թէ Միթիքաս բարձրագոյն գագաթն է, անոր մագլցումը աւելի դիւրին է բաղդատմամբ երկրորդ գագաթին՝ Սթեֆանիին։
Միքիթաս մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ։ Շնորհիւ լերան առասպելական հմայքին, աշխարհի չորս ծագերէն մագլցողներ, լեռնագնացներ կը ներգրաւէ։ Երկու արահետները՝ Սքալա-Քաքոսքալա եւ Զոնարիոն-Լուքիու, կը պատկանին [[Եւրոպական Արահետ E4|E4 Եւրոպական Արահետին]]:
== Պատկերասրահ ==
<gallery>
Պատկեր:Gipfel des Olymp.jpg|Ողիմպոս լերան երկու գագաթները
Պատկեր:J26 655 Mýtikas.jpg|Միթիքաս
Պատկեր:J26 665 Skala, Mýtikas.jpg|alt=
Պատկեր:Olympus-fromOlympicbeach.jpg|Ողիմպոս նկարուած Ողիմպոս ծովափէն
</gallery><ref>[https://link.springer.com/article/10.1007/s11629-022-7866-8 Ողիմպոս գագաթին բարձրութեան սահմանումը{{ref-en}}]</ref> <ref>[https://www.britannica.com/place/Mount-Olympus-mountain-Greece Բրիտանական հանրագիտարան․ Ողիմպոս լեռ{{ref-en}}]</ref> <ref>[https://www.xtremegreece.gr/el/pezoporia-trekking-hiking/%CF%80%CE%B5%CE%B6%CE%BF%CF%80%CE%BF%CF%81%CE%B9%CE%B1-hiking-olympus-1-day-summit.html Լեռնագնացութիւն Ողիմպոս, Միթիքաս]{{Dead link|date=April 2026 |bot=InternetArchiveBot |fix-attempted=yes }}</ref><ref>[https://www.google.com/search?q=%CE%BC%CF%85%CF%84%CE%B9%CE%BA%CE%B1%CF%82.+%CE%BF%CE%BB%CF%85%CE%BC%CF%80%CE%BF%CF%83&ei=7rWdZOfgFdXmxc8P7rek-A4&ved=0ahUKEwjnj7HK9-j_AhVVc_EDHe4bCe8Q4dUDCA8&uact=5&oq=%CE%BC%CF%85%CF%84%CE%B9%CE%BA%CE%B1%CF%82.+%CE%BF%CE%BB%CF%85%CE%BC%CF%80%CE%BF%CF%83&gs_lp=Egxnd3Mtd2l6LXNlcnAiHs68z4XPhM65zrrOsc-CLiDOv867z4XOvM-Azr_PgzIGEC4YFhgeMgYQABgWGB4yBhAAGBYYHjIGEAAYFhgeMgYQABgWGB4yBhAAGBYYHjIGEAAYFhgeMgYQABgWGB4yFRAuGBYYHhiXBRjcBBjeBBjgBNgBAUjZK1CIBljBKHABeAGQAQCYAZgBoAHxCaoBAzAuObgBA8gBAPgBAcICChAAGEcY1gQYsAPCAgoQABiKBRiwAxhDwgIEEC4YHsICBBAAGB7CAhMQLhgeGJcFGNwEGN4EGOAE2AEB4gMEGAAgQYgGAZAGCboGBggBEAEYFA&sclient=gws-wiz-serp#fpstate=ive&vld=cid:c5653da3,vid:2ih9aP2bw0c Տեսերիզ - Լեռնագնացութիւն Ողիմպոս, Միթիքաս, Յուլիս 9, 2021]</ref>
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
[[Ստորոգութիւն:Յունաստանի լեռներ]]
[[Ստորոգութիւն:Պալքանեան թերակղզիի լեռներ]]
[[Ստորոգութիւն:Եւրոպայի լեռներ]]
[[Ստորոգութիւն:Լեռներ այբբենական կարգով]]
[[Ստորոգութիւն:Լեռներ]]
otb9z90ygvgs0rprjw5bpn4nbmt5nhc
Իէթիոնիա
0
25341
250573
240327
2026-04-27T13:32:30Z
CommonsDelinker
146
Removing [[:c:File:Eetioneia_Gate_(Piraeus)1.JPG|Eetioneia_Gate_(Piraeus)1.JPG]], it has been deleted from Commons by [[:c:User:Wdwd|Wdwd]] because: per [[:c:Commons:Deletion requests/File:Eetioneia Gate (Piraeus)1.JPG|]].
250573
wikitext
text/x-wiki
{{Տեղեկաքարտ Բնակավայր
|բնօրինակ անուն = Իէթիոնիա
|պատկեր=Lange Mauern.png
|նկարագրութիւն = Իէթիոնա․ դիրքը, ծովեզր եւ թերակղզիները․ Բիրէայի հնադարեան կեդրոնական նաւահանգիստին հիւսիս-արեւմտեան կողմը։ Նկարին ձախին
|կը պատկանի=
|պարգեւ=|երկիր=Յունաստան|շրջանի տեսակ=ծովեզրեայ հնաբանական վայր|բարձրութիւն=|առաջին յիշատակում=Ք․Ա․ 5-րդ դար|տարածք=|կը գտնուի ափին=Բիրէայի հին նաւահանգիստին (քարտէսին մէջ ներկայ գլխաւոր նաւահանգիստին արեւմուտքը) հիւսիս արեւմտեան ծովախորշին մուտքին ձախ ափին|հիմնադրումի թուական=Ք․Ա․ 5-րդ դար}}
'''Իէթիոնիա''' (հին յունարէն՝ Ηετιωνεία կամ Ηετιιώνεια). հնադարին եղած է [[Բիրէա|Բիրէայի]] նաւահանգիստին ձախակողմեան մուտքին արտաձգուած ծովախորշը։ Նաւերը, որոնք նաւահանգիստ կը մտնէին, իրենց ձախին կը գտնէին Իէթիոնիա պարիսպները եւ աջին Ալքիմոս հրուանդանը։
Ք․Ա․ 411-ի յեղաշրջման ժամանակ, [[Աթէնք|Աթէնքի]] 400 սակաւեպտները պարիսպները կառուցած են, կանխելու համար Աթէնքի նաւատորմիղին մուտքը նաւահանգիստ։
== Դիրքը ==
Իէթիոնիա թերակղզին իր հին ամրոցով կը գտնուի Բիրէայի կեդրոնական նաւահանգիստին հիւսիս-արեւմտեան կողմը։ Կարեւոր ռազմական դիրքը մեծ դեր ունեցած է քաղաքին պաշտպանութեան համար։
== Պատմական ==
[[Պատկեր:Eetioneia Gate (Piraeus)2.JPG|մինի|Իէթիոնիա․ մուտքը]]
Ք․Ա․ 5-րդ դարուն, երբ Աթենացիները կը սկսին Բիրէան պարսպատել, ամրութեան մէջ կը ներփակեն Իէթինիա թերակղզին, քաղաքին պաշտպանութեան ունեցած կարեւոր դիրքին համար․ այդ կէտէն, նոյնիսկ փոքր ուժ մը կրնար հսկել մուտքը Քանթարոս ''Κάνθαρος Kantharos'' (''Mega Limani'', ''Kentrikos Limenas'', ''Porto Draco'')՝ Բիրէայի մեծ նաւահանգիստին։
[[Պելոպոնեսեան Պատերազմ|Պելոպոնեսեան Պատերազմին]] վերջին տարիներուն շրջանը ճակատագրական եղելութիւններու թատերաբեմ կը դառնայ։ Ք․Ա․ 411-ին, Աթէնքի իշխանութիւնը սակաւապետներու ձեռքն էր, որոնք ամէն կերպով կ՛ուզէին [[Սփարթի|Սփարթիին]] հետ հաշտութեան դաշինք կնքել եւ կանխել Աթենեան նաւատորմիղին մուտքը նաւահանգիստ (ճամբայ ելած էր [[Սամոս]] կղզիէն դէպի Բիրէա, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը վերականգնէ)։ Այդ պատճառով, Իէթիոնիա տարածքին մէջ անոնք արագօրէն կը սկսին ամրոցի մը կառուցումը, որպէսզի նաւահանգիստին մուտքը հսկեն։ Պատերազմի աւարտին, Ք․Ա․ 404-ին, պարտուած աթենացիները կը ստիպուին քանդել Աթէնքի եւ Բիրէայի բոլոր ամրութիւնները։ Քանի մը տարի քաղաքն ու նաւահանգիստը անպաշտպան կը մնան, մինչեւ Ք․Ա․394-ին, երբ Քոնոն զօրավարը պարիսպները կը վերակառուցէ եւ Իէթիոնիա կրկին կ՛ամրացուի։
Հռոմէական արշաւանքներուն ընթացքին, Սիլա զօրավարի լեգէոնները Ք․Ա․86-ին երկու քաղաքները՝ Աթէնք եւ Բիրէա կը կողոպտեն, կը քանդեն եւ ժողովուրդը սպանդի կ՛ենթարկեն։ Իէթիոնայի ամրոցն ու պարիսպները կը կործանուին։
== Իէթիոնայի յայտնաբերում ==
=== Իէթիոնայի յայտնաբերում, 1886 ===
Իէթիոնա կը յայտնաբերուի 1886-ին Ֆրանսական Հնաբանական Դպրոցին կողմէն Քասթրաքի (տեղացիները այդպէս կը կոչէին շրջանը) կատարուած պեղումներուն ընթացքին։
== Ի․ դար ==
=== Իէթիոնիա որպէս գաղթավայր ===
[[1922 թուական|1922]]-ին, աւերակներուն մէջ գաղթավայր մը կը ստեղծուի [[Փոքր Ասիա|Փոքր Ասիոյ]] Աղէտէն փրկուած յոյն եւ հայ գաղթականներուն համար։
=== 1944-ի ռմբակոծումներ ===
Իսկ [[1944 թուական|1944]]-ին, անգլիացիներուն կողմէն կատարուած Բիրէայի մեծ ռմբակոծումներուն ընթացքին, հրասանդ մը կը քանդէ արեւելեան քառանկիւն աշտարակին պատին մեծ մասը։
== 1997 - 2001 Հնաբանական պեղումներ ==
[[Պատկեր:Remains of the Hetioneian fortifications in Piraeus on April 13, 2021.jpg|մինի|Իէթիոնիա]]
Բիրէայի եւ Կղզիներուն Հնաբանական Սպասարկութեան կողմէն [[1997 թուական|1997]] - [[2001]] կը կատարուին կանոնաւոր եւ շարունական պեղումներ, որոնց ընթացքին Իէթիոնիա լրիւ կը յայտնաբերուի։
== ԻԱ․ դար ==
Ի․ դարուան վերջին տասնամեակին, Իէթիոնիա հնաբանական վայրին յայտնաբերումէն ետք ու կատարուած հնաբանական վերջնական աշխատանքներէն ետք (2013-2018), Իէթիոնիա հնաբանական վայրը հանրութեան բացուած է։ Հոն կը կատարուին արուեստաբանական եղելութիւններ, աշակերտներու եւ ուսուցիչներու համար յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներ եւ աշխատանոցներ։
== Նկարագրութիւն ==
Իէթիոնիա մուտքը կը բաղկանար երկշերտ դուռով դարպասէ մը որուն լայնքը 3,70մ․ էր եւ անոր աջ ու ձախ կողմերը կային երկու քառանկիւն աշտարակներ, իսկ ուրիշ աշտարակներ եւ մարտկոցներ կը զօրացնէին ամրոցին պաշտպանութեան գիծը։
Ք․Ա․4-րդ դարուն ամրոցին պաշտպանութիւնը կ՛ամրապնդուի։ Հիւսիսային պատին երկայնքին կը փորուի 10 մ․ երկայնքով ու 5 մ․ խորութեամբ խրամ մը, իսկ մուտքին առջեւ կը կառուցուի նախապարիսպ մը եւ կը բացուի աւելի փոքր խրամ մը 3,5 մ․ լայնքով։
Ք․Ա․ 2-րդ դարուն կէսերուն, մուտքին աջ ու ձախ կողմը կը կառուցուին երկու նոր շրջաբոլոր աշտարակներ․ հին քառանկիւն աշտարակները կը ներառնուին նորերուն մէջ։
<ref>[https://www.perseus.tufts.edu/hopper/text?doc=Perseus%3Atext%3A1999.01.0247%3Abook%3D8%3Achapter%3D90 Թուքիդիդիս․ Պելոպոնեսեան պատերազմի պատմութիւնը, 8․90{{ref-en}} ]</ref> <ref>[https://topostext.org/work/240 Սուդա բառարան, Ἠετιώνεια Իէթիոնա ]</ref> <ref>[https://referenceworks.brillonline.com/entries/brill-s-new-pauly/eetionia-e326490 Brill’s New Pauly-Eetionia Իէթիոնա{{ref-en}}]</ref> <ref>[https://www.archaiologia.gr/blog/2016/01/18/%CE%B7%CE%B5%CF%84%CE%B9%CF%8E%CE%BD%CE%B5%CE%B9%CE%B1-%CF%80%CF%8D%CE%BB%CE%B7-%CE%B1%CF%80%CE%BF%CE%BA%CE%B1%CE%B8%CE%AF%CF%83%CF%84%CE%B1%CF%84%CE%B1%CE%B9-%CE%BF-%CE%BD%CF%8C%CF%84%CE%B9%CE%BF/ archaiologia.հնաբանութիւն, Իէթիոնիա{{ref-el}}]</ref> <ref>[https://www.culture.gov.gr/el/service/SitePages/view.aspx?iID=3350 Յունաստանի Մշակոյթի նախարարութիւն․ Իէթիոնիայի ներկայացում{{ref-el}}]</ref> <ref>[https://www.kathimerini.gr/culture/485473/xekinontas-apo-tin-ietioneia-pyli/ Քաթիմերինի օրաթերթ․ Իէթիոնիա, յայտնաբերումն ու հանրութեան առեւ դռներուն բացումը, Ապրիլ 11, 2013{{ref-el}}]</ref><ref>[https://www.imeresthalassas.gr/event-details/peripatos-sten-eetioneia-pyle Իմերես թալասաս - շրջապտոյտ Իէթիոնիա{{ref-el}}]</ref> <ref>[ https://efadyat.files.wordpress.com/2022/03/ce95cebacf80ceb1ceb9ceb4ceb5cf85cf84ceb9cebaceadcf82-ceb4cf81ceaccf83ceb5ceb9cf82-cf83cf84ceb7cebd-ce97ceb5cf84ceb9cf8ecebdceb5ceb9ceb1.pdf efadyat.files-Իէթիոնիա, 2014-2021․ հնաբանական վայր, դաստիարակչական գորխունէութիւններ{{ref-el}}]</ref> <ref>{{Cite web |url=https://athensattica.com/el/ti-na-deite/archeologiki-chori/archeologikos-choros-ietionias-pylis/ |title=Իէթիոնիա․ հնաբանական վայրը{{ref-el}} |accessdate=2023-10-28 |archive-date=2023-10-28 |archive-url=https://web.archive.org/web/20231028094846/https://athensattica.com/el/ti-na-deite/archeologiki-chori/archeologikos-choros-ietionias-pylis/ |dead-url=yes }}</ref> <ref>[https://www.youtube.com/watch?v=WGkFI0LNpSg&ab_channel=%CE%95%CE%BB%CE%BB%CE%B7%CE%BD%CE%B9%CE%BA%CF%8C%CF%82%CE%89%CE%BB%CE%B9%CE%BF%CF%82 Տեսերիզ․ Իէթիոնիա Դարպաս]</ref> <ref>[https://www.youtube.com/watch?v=-d1vVxkKK5k&ab_channel=%CE%A6%CF%81%CF%85%CE%BA%CF%84%CF%89%CF%81%CE%AF%CE%B5%CF%82%CE%A4%CE%B7%CE%BB%CE%B5%CE%BF%CF%80%CF%84%CE%B9%CE%BA%CF%8C%CE%94%CE%B9%CE%B1%CE%B4%CE%B9%CE%BA%CF%84%CF%85%CE%B1%CE%BA%CF%8C%CE%9A%CE%B1%CE%BD%CE%AC%CE%BB%CE%B9 Բիրէայի հին պարիսպները]</ref>
== Աղբիւրներ ==
* «Ծանօթանալ Իէթիոնիա Դարպասին հետ», Յունաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւնը, 2019
* «Բիրէա քաղաքին պատմութիւնը», Նիքոս Պելավիլաս․ Մարտ 2021
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
2cpq4ow3utoeyaokyl6qbdt6chwpq7l
Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/05-2026
4
31571
250572
2026-04-27T12:13:35Z
Azniv Stepanian
8
Նոր էջ «[[Պատկեր:BARB65 (8080739384).jpg|200px|frameless|աջից]] '''[[Պարպի Պուպրիկը]]''', Մանկական խաղալիք՝ պուպրիկ, ստեղծուած՝ 9 Մարտ 1959-ին, [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Միացեալ Նահանգներուն մէջ]]: Զայն ստեղծած է Ռութ Հենտլըր, խաղալիքներու ամերիկեան հաստատութեան`«Մաթել»ի հիմնադիրներէն մէկո...»:
250572
wikitext
text/x-wiki
[[Պատկեր:BARB65 (8080739384).jpg|200px|frameless|աջից]]
'''[[Պարպի Պուպրիկը]]''', Մանկական խաղալիք՝ պուպրիկ, ստեղծուած՝ 9 Մարտ 1959-ին, [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Միացեալ Նահանգներուն մէջ]]:
Զայն ստեղծած է Ռութ Հենտլըր, խաղալիքներու ամերիկեան հաստատութեան`«Մաթել»ի հիմնադիրներէն մէկուն կինը:
Պարպին պարզ պուպրիկ մը կամ խաղալիք մը չէ․ անիկա ժամանակի ընթացքին վերածուած է համաշխարհային երեւոյթի մը, որ ազդեցութիւն ունեցած է սերունդներու մտածողութեան եւ պատկերացումներուն վրայ։ Փոքրիկներու ձեռքերուն մէջ ան կը դառնայ երազներու մարմնացում, իսկ մեծերու աչքերուն մէջ՝ քննարկման նիւթ՝ գեղեցկութեան, ինքնութեան եւ արժէքներու մասին։
Պարպիի աշխարհը ժամանակի ընթացքին մեծապէս ընդարձակուած է․ ան ունի ընկերներ, որոնք կը կառուցեն ամբողջ «Պարպիի աշխարհ» մը՝ իրենց պատմութիւններով եւ յարաբերութիւններով:
1950-ական թուականներուն, ամերիկացի գործարար [[Ռութ Հենտլըր]] (Ruth Handler) կը նկատէ, որ իր 10 տարեկան աղջիկը յաճախ կը հրաժարի սովորական մանկական խաղալիքներէն եւ աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ կը խաղայ [[Թուղթ|թուղթէ]] պուպրիկներով, որոնք կը ներկայացնեն չափահաս կիներ։ Այդ շրջանին երեխաներու համար նախատեսուած [[Պուպրիկ|պուպրիկներուն]] մեծ մասը կը պատկերացնէր նորածիններ կամ փոքրիկներ․․․'''[[Պարպի Պուպրիկը|Աւելին]]'''<big>'''⇒'''</big>
[[Ստորոգութիւն:2026 թուականի ամսուան յօդուածներ]]
76ed5g1pa5q2gnt7w3a5kkraf4ar1bl